ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը շրջանառութեան մէջ դրաւ նախագիծ մը, որմով կ՛առաջարկուի անցակէտեր հաստատել հայ-ատրպէյճանական սահմանի կարգ մը հատուածներու մէջ:
Նախագիծը հրապարակուեցաւ իրաւական օրէնքներու նախագիծերու հրապարակման միասնական կայքին վրայ՝ e-draft.am:
Հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ նախագիծի ընդունումը պայմանաւորուած է 4 Օգոստոսի կառավարութեան նիստին վարչապետին տուած յանձնարարականներու կատարման ապահովման անհրաժեշտութեամբ: Ակնկալուող արդիւնքը Հայաստանի մէջ պետական սահմանի նոր անցման կէտերու հաստատումն է՝ պետական սահմանով անձերու, ապրանքներու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու անցումը կազմակերպելու եւ իրականացնելու նպատակով:
Կը նախատեսուի նոր անցակէտեր հաստատել Գեղարքունիքի (Սոթք համայնքէն դէպի Հայաստանի պետական սահմանի M11 մայրուղին՝ ինքնաշարժներու յատուկ), Արարատի (Երասխ համայնք՝ ինքնաշարժներու յատուկ), Սիւնիքի (Քարահունջ համայնքէն շուրջ 7.5 քմ. հարաւ, հարաւ-արեւելք Մ2 մայրուղի՝ ինքնաշարժներու յատուկ) մարզերուն մէջ հայ-ատրպէյճանական սահմանի ուղղութեամբ:
Նախագիծը մշակուած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ: Զայն ընդունելով՝ անհրաժեշտութիւն պիտի ծագի ներգրաւել լրացուցիչ ֆինանսական միջոցներ՝ նոր անցման կէտերու շինարարական եւ կահաւորման աշխատանքներու իրականացման համար: