Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ ուքրանական Լվով քաղաքին մէջ եռակողմ հանդիպումէն ետք յայտնեց հետեւեալը. «Եռակողմ հանդիպումը քննարկեց Ուքրանիոյ մէջ ռուսական պատերազմին պատճառած նիւթական վնասները եւ անոնց ազդեցութիւնը մեղմացնելու կարելիութիւնները»:
Ան աւելցուց՝ ըսելով. «Այսօրուան հանդիպումին ընթացքին քննարկեցինք պատանդներու հարցը եւ պատերազմին վերջ տալու կարելիութիւնը: Մենք ջանք կը թափենք պատերազմին դիւանագիտական միջոցներով վերջ տալու: Ուքրանական հացահատիկի փոխադրութեան շուրջ համաձայնութիւնը օգուտ պիտի բերէ ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին: Նախագահ Զելենսքիին յայտնեցի, որ Թուրքիա Ուքրանիոյ վերաշինութեան համար պէտք եղած ամէն օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ»:
Էրտողան, խօսքը ուղղելով Զելենսքիին՝ ըսաւ. «Թուրքիա Ուքրանիոյ կողքին կը կանգնի», եւ աւելցուց. «Մեր մտահոգութիւնը յայտնեցինք ուքրանական Զափորոժիէ հիւլէական կայանին մօտ ընթացող բախումներուն նկատմամբ: Նոր Չեռնոպիլ մը տեսնել չենք ուզեր»:
«Մենք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ կապ պիտի հաստատենք այսօրուան մեր բոլոր հանդիպումներուն արդիւնքները գնահատելու համար», յայտնեց ան:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ եւ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները Էրտողանի` Ուքրանիա այցելութեան ծիրին մէջ պատերազմի պատճառով քանդուած ենթակառոյցներու վերակառուցման շուրջ համաձայնութիւն կնքած են:
Էրտողան եռակողմ հանդիպումէն առաջ երկկողմ հանդիպում մը ունեցաւ Զելենսքիի հետ: «Թուրքիոյ նախագահին Ուքրանիա այցելութիւնը կարեւոր երկրի մը կողմէ զօրակցութեան ուժեղ պատգամ մըն է», յայտարարեց վերջինս: