ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նոյեան Տապան».- Սեպտեմբեր 29էն եռօրեայ պետական այցով Հայաստան գտնուած Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 1ի կէսօրին մեկնեցաւ Երեւանէն: «Զուարթնոց» օդակայանէն Ֆրանսայի նախագահը, առաջին տիկինը՝ Պեռնատէթ Շիրաքը ճանապարհեցին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան եւ առաջին տիկին Պէլլա Քոչարեան: Ֆրանսայի պատուիրակութեան ճանապարհման արարողութեան մասնակցեցան ԱԺ փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան, տարածքային կառավարման նախարար Յովիկ Աբրահամեան, արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան եւ այլ պաշտօնատար անձինք:
Հրաժեշտի արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ հայկական բանակի պատուոյ պահակախումբի տողանցք: Նախագահ Շիրաք, օդանաւ մտնելէ առաջ խոնարհեցաւ ու վեր բարձրացուց ձեռքը՝ ի նշան բարեկամներու հետ հրաժեշտի, յետոյ՝ խաչեց վեր պահած երկու ձեռքերու ափերը՝ ի նշան ֆրանսացի եւ հայ ժողովուրդներու բարեկամութեան:
ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԸ՝ ՇԻՐԱՔԻ ԱՅՑԻ ԱՌԱՉԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Նախագահ Շիրաքի այցի առաջին հանգրուանը Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան յուշահամալիրն էր: Սեպտեմբեր 30ի առաւօտեան Ֆրանսայի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ծիեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց ի յիշատակ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն նահատակներուն:
Ֆրանսական պատուիրակութեան կ’ուղեկցէին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան, Երեւանի քաղաքապետ Երուանդ Զախարեան, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպաններ Էտուարտ Նալբանդեան եւ Անրի Քիւնին, պաշտօնատար այլ անձինք:
Ցեղասպանութեան թանգարանի նիւթերուն ծանօթանալէ ետք, նախագահ Շիրաք յուշամատեանին մէջ արձանագրեց «Յիշէ» խորհրդանշական կոչ-գրառումը:
Ապա Ծիծեռնակաբերդի պուրակին մէջ, ի յիշատակ 1915ի նահատակներուն, Ֆրանսայի նախագահը եւ առաջին տիկինը տնկեցին արծաթափայլ եղեւնի:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ՕՐԷՆՔ Է, ԵՒ ԱՅՆ ՊԱՐՏԱԴԻՐ Է ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ԸՍԱՒ ԺԱՔ ՇԻՐԱՔ
«Ես անգամ մը եւս կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ Ֆրանսան պաշտօնական մակարդակով ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Այն մեր օրէնքն է եւ պարտադիր է բոլորին համար»:
Նախագահ Քոչարեանին հետ տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց նախագահ Ժաք Շիրաք՝ պատասխանելով «Ֆիկարօ» թերթին հարցումին՝ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ անութեան մերժումին համար քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու օրէնք ընդունելու Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան նախաձեռնութեան վերաբերեալ։
Շիրաք ընդգծեց, որ Ֆրանսան իրաւական երկիր է եւ ցեղապաշտութեան բոլոր դրսեւորումները կը պատժուին քրէական օրէնսգիրքին համաձայն։
Ժաք Շիրաք ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր երկրի պատկերը աւելի կը փայլի, եթէ ան ընդունի իր անցեալը։ «Գերմանիա ոչինչ կորսնցուց՝ ճանչնալով Ողջակիզումը, ընդհակառակը։ Անցեալի սխալները պէտք է ընդունիլ, եւ Թուրքիա ինք պէտք է շահագրգռուած ըլլայ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով», շեշտեց նախագահ Շիրաք։
Նշենք, որ նախագահ Շիրաքի պատուիրակութեան մաս կազմող հանրայայտ ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքայեւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ յայտարարած է, որ. «Ակնկալում ենք, որ Թուրքիան կը ճանաչի Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:
ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Ծիծեռնակաբերդ այցէն ետք, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Ժակ Շիրաքի, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու առաջին տիկիններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Երեւանի Ֆրանսական հրապարակի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Այս առնչութեամբ Երեւանի քաղաքապետ Երուանդ Զախարեան իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ. «Հաշուի առնելով հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութիւնը, երկու ժողովուրդների միջեւ հիւսուած սերտ կապերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի հանրապետութիւնների միջեւ դէպի ապագան ուղղուած արդիւաւէտ համագործակցութիւնը՝ Երեւանի խորհուրդը որոշում է կայացրել Երեւանի Կեդրոն համայնքի Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սայեաթ Նովայի պողոտաներու հատման մասով ձեւաւորուած հրապարակը կոչել Ֆրանսայի հրապարակ:
Ֆրանսայի հրապարակի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, նախագահներ Շիրաք եւ Քոչարեան հանդէս եկան հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութիւնը խորհրդանշող ընդարձակ ճառերով:
ԵՐԿՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԱՌԱՆՁՆԱԶՐՈՅՑ ԵՒ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ
Ֆրանսայի հրապարակի բացման արարողութենէն յետոյ երկու երկիրներու նախագահները ուղեւորուեցան նախագահական նստավայր, ուր տեղի ունեցած առանձնազրոյցէն յետոյ հանդէս եկան համատեղ մամուլի ասուլիսով:
Ասուլիսի ընթացքին լրագրողներու հարցերուն ի պատասխան, երկու երկիրներու նախագահները անդրադարձան ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ վիճակին, տնտեսութեան, կրթութեան, մշակոյթի, միջխորհրդարանական եւ միջտարածաշրջանային ոլորտներուն մէջ երկկողմ գործակցութեան, Հայաստանի յարակից տարածաշրջանի կացութեան, Հայաստան-Եւրոմիութիւն, Հայաստան-Թուրքիա, Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն, Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՉ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ՝
«ԱԶՆԱՒՈՒՐԸ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ» ՀԱՄԵՐԳՈՎ
Նոյն օրը, երեկոյեան, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կազմակերպուած «Շարլ Ազնաւուրը եւ բարեկամները» աննախադէպ համերգով՝ ազդարարուեցաւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան ձեռնարկներու մեկնարկը: Աշխարհահռչակ Ազնաւուր եւ ֆրանսական բեմի փայլուն ներկայացուցիչներ Միշէլ Լեկրան, Նանա Մուսքուրին, Իզապէլ Պուլլէն, Էլէն Սիկարան, Տանի Պրիյեան եւ Լիւ Ռէնոն հայ արուեստասէրին անմոռանալի երեկոյ մը նուիրեցին: Համերգը կը վարէին յայտնի դերասան Ժան Քլոտ Պէալին եւ Լուսինէ Թովմասեան:
Համերգին ներկայ էին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներ Քոչարեան եւ Շիրաք ու առաջին տիկինները, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեան, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ, պետական այցով Հայաստան գտնուող Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակութեան անդամներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ: Հանրապետութեան հրապարակը եւ յարակից փողոցները լեցուն էին Ազնաւուրի արուեստը եւ ֆրանսական երաժշտութիւնը գնահատող հանդիսատեսներով՝ մայրաքաղաքէն, մարզերէն, նաեւ արտերկիրէն:
«Այսօր շատ չեմ խօսելու, շատ երգելու եմ», յայտարարեց Ազնաւուր եւ հաւատարիմ մնալով խոստումին՝ հայրենակիցներուն ներկայացուց մէկ տասնեակէ աւելի երգեր:
Ան Երեւանի բաց երկինքի տակ հաւաքուած իր արուեստասէրներուն հետ խօսեցաւ հայերէն եւ նշեց, որ «Առաջին անգամ եմ բեմի վրայ խօսում հայերէն»:
Համերգը եզրափակուեցաւ շքեղ հրավառութեամբ:
ՇԻՐԱՔԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԸ Կ’ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԻ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՈՎ
Հոկտեմբեր 1ին Երեւանէն մեկնելէ առաջ, Ս. Էջմիածինի Մայր աթոռին մէջ Գարեգին Բ. կաթողիկոս ընդունեց Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաքի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան այցելութիւնը։
Ֆրանսայի նախագահին ներկայութիւնը ողջունելով՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ուրախութիւն յայտնեց այն երեւոյթին համար, որ Հայաստանի վերանկախացման 15ամեակը յատկանշուեցաւ հայ ժողովուրդի բարեկամ երկիրի նախագահին այցելութեամբ եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան նուիրուած ձեռնարկներով եւ փոխադարձաբար։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի իշխանութեան՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման համար, որ ոչ միայն արդարութեան վերականգնում է հայ ժողովուրդին համար, այլ՝ ողջ մարդկութեան համար։ Գարեգին Բ. մատնանշեց, որ մօտիկ ապագային Ֆրանսայի մէջ պիտի հաստատուի Էջմիածինի թեմ, որ հայ եկեղեցւոյ եւ Ֆրանսայի հայ համայնքին համար տարիներու ձգտում հանդիսացած է։
Շիրաք իր կարգին ուրախութիւն յայտնեց Ս. Էջմիածինի մէջ գտնուելուն համար եւ դիտել տուաւ, որ խորապէս զգացուած է Ս. Էջմիածինի կաթողիկոսի ջերմ ընդունելութենէն։ Ան իր խորին յարգանքը յայտնեց հայ եկեղեցւոյ եւ կաթողիկոսին։ «Շատ ուրախ ենք Ֆրանսայի մէջ թեմ ստեղծելու ձեր որոշումին համար։ Լաւապէս կը գիտակցինք, որ Ֆրանսայի մէջ մեծ թիւով ծագումով հայեր կան՝ պատմական զանազան իրադարձութիւններու բերումով Ֆրանսա հաստատուած», ըսաւ Շիրաք։ Երկու երկիրներուն դարաւոր յարաբերութիւններուն անդրադառնալով՝ ան դիտել տուաւ, որ ստեղծուած բարեկամութիւնը խոր արմատներ ունի եւ հոն համախմբուած են երկու ժողովուրդներուն ուրախ եւ տխուր պահերը։ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին խօսելով՝ Ժ. Շիրաք ըսաւ. «Բնական էր, որ Ֆրանսա ըլլայ այն առաջին երկիրներէն մէկը, որ օրինագիծով կը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Յոյս ունիմ, որ նման ոճիրներ դատապարտելով՝ անոնք ապագային չեն կրկնուիր», ըսաւ նախագահ Շիրաք։
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչուող հարցեր։ Գարեգին Բ. կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Ֆրանսայի եւ անոր նախագահին դերակատարութեան՝ այս խնդիրի լուծման գործընթացին մէջ՝ նշելով, որ այս գծով պիտի շարունակուի աշխատանք տարուիլ, որպէսզի այս հակամարտութիւնը խաղաղ կերպով լուծուի՝ Տիրոջ զօրակցութեամբ եւ ողորմութեամբ։
Իր կարգին, նախագահ Շիրաք հաստատեց, թէ Ֆրանսա կը փորձէ Մինսքի խմբակի շրջանակներուն մէջ իր աջակցութիւնը ցուցաբերել խնդիրի լուծման։ «Պէտք է խաղաղութեան հաստատում կամենալ եւ հաւատալ անոր», դիտել տուաւ Շիրաք։
Հանդիպումէն ետք նախագահ Շիրաք եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Ս. Էջմիածին եւ թանգարան։
ՆԱԽԱՐԱՐ ՕՍԿԱՆԵԱՆ. «ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ ԱՐԺԱՆԻՆ ՄԱՏՈՒՑԵՑ ԺԱՔ ՇԻՐԱՔԻՆ»
Շիրաքի գլխաւորած պատուիրակութեան ճանապարհման արարողութենէն յետոյ, վկայակոչելով ֆրանսական պատուիրակութեան անդամներու խօսքերը՝ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան յայտարարեց, որ այցը անցած է բարձր մակարդակով:
Ըստ նախարար Օսկանեանի, այցի օրերուն նախագահ Շիրաք քանի մը առիթներով յայտարարած է, որ «Ուղղակի չէր սպասում նման ջերմ ընդունելութիւն»: «Այնպէս որ, մեր ժողովուրդն արժանին մատուցեց եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ժաք Շիրաքին», նշեց արտաքին գործոց նախարարը: