Սան Ֆրասիսքոյի ու շրջապատի Մուսա լերան հայրենակցական միութեան համար երկար տարիներու աւանդութիւն դարձած է տօնել այս փառապանծ դիւցազնամարտը: Ուրբաթ եւ Շաբաթ գիշերները մուսա լեռցի երիտասարդ սերունդները սկսեր էին արդէն աւանդական մատաղի պատրաստութեան:
Հարիւրաւոր հայորդիներ փութացած էին եկեղեցի, հետեւելու եկեղեցական արարողութիւններուն ու մասնակցելու հերոսամարտի տօնակատարութեանց:
Արդարեւ, Սեպտեմբեր 10ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատարագի ընթացքին, Աւետիս քհնյ. Թորոսեան իր քարոզի ընդմէջէն լայնօրէն անդրադարձաւ հերոսամարտին տուն տուող պատճառներուն ու հետեւանքներուն, ապա պատարագի վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, դիւցազնամարտին զոհուած հերոսներու հոգիին համար: Եկեղեցական արարողութիւններուն աւարտին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւնը եւ բաշխումը հաւատացեալներուն:
Այդ օրը գաղութը դարձեալ բախտաւոր էր իր մէջ ունենալու Մուսա լեռ ծնած ու Մուսա լերան հերոսամարտին իսկական պատկերը ներկայացնող լաւագոյն անձը, մեծանուն մտաւորական ու գրական քննադատ Պօղոս Սնապեանը: Օրհնուած մատաղի բաշխումէն առաջ տէր հայրը հրաւիրեց օրուան բանախօսը՝ տալու իր պատգամը:
Պօղոս Սնապեան կուռ ճառով մը ներկայացուց Մուսա լերան դիւցազնամարտին ամբողջական պատկերը: Ան ըսաւ. «Ես մուսա լեռցի եմ. նաեւ ծնած եմ Մուսա լեռ, երրորդ՝ փառք մըն ունիմ մուսա լեռցի ըլլալուս համար, հայրս Մուսա լերան վրայ կռուած ազատամարտիկներէն մէկը եղած է. պարզապէս չէ նահատակուած, հերոսական բոլոր արարքներուն մասնակցած է եւ կռուած առաջին շարքերուն: Երբ Մուսա լերան հերոսամարտին մասին կը խօսինք, ամէն ոք կը կարծէ, որ տարերային շարժում մըն է ասիկա, անմիջապէս մէջտեղ ելած, մէկ օրէն միւսը լեռ բարձրացած ու կռուած են: Այդպէս չէ սակայն իրականութիւնը, իրականութիւնը այն է, որ 1909ին, երբ Ատանայի ջարդը եղաւ, Ատանայի ջարդին հետեւանքով Անտիոքի ու շրջակայքի ամբոխը եկաւ ջարդելու ու կողոպտելու Մուսա լերան ժողովուրդը, եկաւ մինչեւ սահմանը գծող գետը, ջարդելու համար եկաւ, կողոպտելու համար եկաւ, սակայն չհամարձակուեցաւ, չկրցաւ վեր ելլել. այս դէպքը պատճառ դարձաւ, որ մեր ժողովուրդը, մտաւորական դասը, կուսակցական դասը մտածէ որեւէ բան ընելու մասին ինքնապաշտպանութեան համար, եւ այս 6 տարիներու ընթացքին բջիջներ հիմնուեցան, յեղափոխական բջիջներ, որոնք պարտադրեցին հարուստներուն, որ զէնք գնեն: Այդ ձեւով 100է աւելի հրացան ունեցանք մենք. ըսել կ’ուզեմ, որ երբ լեռ բարձրացանք, 5-6 տարուան պատրաստութիւն էր մեր ըմբոստութիւնը. ճիշդ է, այդ սկսաւ 40 հոգինոց յառաջամարտիկներու միջոցաւ, սակայն իրենց հետեւեցան բոլոր մուսա լեռնցիները. լեռ բարձրացող իւրաքանչիւր անձ կռուող էր՝ քահանան, պատուելին, ուսուցիչը, հայրը, զաւակը, բոլորը:
«Հոս կ’ուզեմ ըսել, որ ժողովուրդ մը երկու ուժերով կրնայ ոտքի մնալ՝ գեղեցկութիւններ ստեղծելով եւ այդ գեղեցկութիւնները մեծարելով: Մուսա լերան վրայ մեր ժողովուրդը գեղեցկութիւն մը ստեղծեց, հերոսապատում մը ստեղծեց, ու այդ հերոսապատումը մեծարող ժողովուրդը ժողովուրդ մը ունեցաւ իր յետնորդներուն մէջ, ասիկա նոյնքան նշանակութիւն ունի. եւ եթէ երբեք հայ ապրիլը, ազատօրէն ապրիլը նպատակ ունէր, այդ իմաստով կրնամ ըսել թէ, Մուսա լերան վրայ եղած ճակատամարտը կը շարունակուի, կը շարունակուի տարբեր գոյներով, այսօր Հայաստանի մէջ, Այնճարի մէջ, Ֆրեզնոյի ու Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ եւ այլուր կը տօնուի Մուսա լերան հերոսամարտի 40 օրերը, այդ կը նշանակէ, թէ տակաւին պատերազմը կը շարունակուի այն նպատակով, որ մեր հերոսները լերան վրայ արձանագրեցին, այսինքն՝ հայու պէս ապրիլ, իրապէս արժանապատուութեամբ ապրիլ: Ես կը կարծեմ, թէ մեր ժողովուրդը ինք իր պատմութենէն պիտի ամչնար, եթէ հերոսական կռիւներ ու դրուագներ արձանագրած չըլլար, մենք պիտի ամչնայինք մեր պատմութենէն, մենք պիտի ամչնայինք մեր հայրերուն անունով, բայց հիմա բոլորս ալ, շնորհիւ այդ պատերազմներուն, ազատամարտիկներուն մղած կռիւներուն, ամբողջ աշխարհին մէջ հպարտութեամբ կը քալենք: Ես կը մաղթեմ, որ հերոսամարտի ոգին շարունակուի բոլոր մարզերուն մէջ, բոլոր երկիրներու մէջ, որպէսզի արար աշխարհ իմանայ, որ մենք մեռնելու համար սահմանուած ժողովուրդ մը չենք միայն, այլ կռուելու ու յաղթելու համար եւս»: