Ուրբաթ, 22 Սեպտեմբերին սկսած Օշականեան ձեռնարկներու շարքը շարունակուեցաւ Շաբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2006ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահէն ներս:
Երկու օր ամբողջ Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանը կը շնչէր Օշականեան ոգիով. հոն էին մշակութասէր հասարակութիւնը, Վահէ Օշականին մտերիմները եւ ընտանեկան պարագաները: Միօրեայ համագումարը, ինչպէս եւ նախորդ օր տեղի ունեցած «Ճամբորդը» գիրքի ներկայացումը կազմակերպած էր Օշական ընտանեկան հիմնարկը, «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ: Նախապէս ըսենք, որ երկօրեայ այս ձեռնարկները կազմակերպուած էին բարձր մակարդակով եւ Վահէ Օշական գրագէտը պատուելէ, յիշելէ աւելի եւ ըստ արժանւոյն գնահատելէ անդին նաեւ ցոյց կու տային մեր գաղութէն ներս տակաւ առկայ մշակութային բարձր որակի նախանձախնդիր խումբ մը մտաւորականներու շնորհաւորելի յանձնառութիւնը:
Օշականեան համագումարը կը սկսի խիստ տպաւորիչ ներկայացումով մը. սրահը կ’ողողէ Վահէին ձայնը, որ իր անբացակայ ներկայութեամբ պաստառէն կը կարդայ «Ահազանգ»էն հատուած մը: Օրուան հանդիսավար, UCLA համալսարանի հայագիտական ամպիոնի արեւմտահայերէնի դասախօս Յակոբ Կիւլլիւճեան ներածական խօսքով մը կը ներկայացնէ Օշական գրագէտին վաստակը եւ ապա համառօտ կենսագրականը, որմէ ետք բեմ կը հրաւիրէ Հանրային գրադարանի տնօրէնութեան ներկայացուցիչ Նորա Կոլտսմիթ, որ ողջունելէ ետք ներկաները ու ձեռնարկները, կը շեշտէ յատկապէս հայագիտական նիւթերով գրադարանը հարստացնելու իրենց նախանձախնդրութիւնը, որուն սկիզբը դրած է ինք անձամբ, 1981էն ի վեր հաւաքելով հայերէն գիրքեր:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Վահէին կինը՝ Արսինէ Օշական, որ մեկնելով Վահէին ասոյթէն՝ «անձս կարեւոր չէ, գործս կարեւոր է», իրաւ մեծ մարդու կողքին ապրած ըլլալու անթաքոյց հպարտութեամբ, յուզումով ներկայացուց տակաւին անտիպ, անգլերէնով գրուած հարցազրոյց մը, որ Վահէ կատարած է ինքզինքին հետ:
Ապա ներկաները ողջունեց եւ Օշական գրագէտին անցած ուղիին գնահատումը ըրաւ «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Շէրիքեան, իր խօսքին մէջ յատկապէս շեշտելով, որ Օշական կայ ու կը մնայ իբրեւ հայ գրականութեան վաւերական բանաստեղծը:
Օրուան գլխաւոր բանախօսներէն՝ Գրիգոր Պըլտեան, որ յատուկ հրաւիրուած էր Փարիզէն, ներկայացուց «Բանաստեղծութիւն եւ ներկայութեան տագնապը» նիւթը, անշուշտ մեկնակէտ ունենալով Վահէ Օշականի շուրջ քառասուն տարիներու վրայ երկարող բանաստեղծական գործը: Իր բուն նիւթին անցնելէ առաջ Գր. Պըլտեան հետաքրքրական մատուցում մը ըրաւ, ներկայացնելով 1962ին «Բագին» ամսագրին մէջ տպագրուած Վահէին բանաստեղծութիւններէն մէկը՝ «Փոխան աղօթքի», որ այդ օրերուն ծանօթ բանաստեղծներու հայրենիք, սէր, մահ, Արարատ երգող ստեղծագործութիւններու կողքին առնուազն կրնար «ֆոլսնոթ» մը նկատուիլ, դուրսէն եկած, ինքնեկ բան մը: Այս բանաստեղծութիւնը կարելի է ըսել ծրագրային նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ հոն արծարծուած թեմաները կը նշեն Վահէին հետագայ արտադրութիւնը ամբողջովին: Հետահայեաց ակնարկով մը կրնանք տեսնել, թէ ինչ էր մեր բանաստեղծութիւնը ասկէ գրեթէ կէս դար առաջ եւ ինչ պատկեր ունի այսօր, տարբերութիւնը հսկայական է, եւ այդ գործին մէջ Վահէ Օշական մեծ, շատ մեծ դեր ունի, ըսաւ բանախօսը:
Պըլտեան վերլուծեց գրելու, ստեղծելու արարողութեան Օշականեան ըմբռնումը: Հետզհետէ գրելը կը դառնայ առեղծուածային, կարելի է գրել, անկարելի է, մէկ խօսքով, գրելուն կապը էութեան հետ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ: Համեմատելով Օշականի արձակ եւ բանաստեղծական գրութիւնները, Պըլտեան հետաքրքրական դիտողութիւններ ըրաւ. օրինակ, Օշականի իր արձակ գրութիւններուն տակ անպայման նշած է անոնց արձակ ըլլալը, տպագրութեան թուականը, տեղը եւ հեղինակին անունը, իսկ բանաստեղծական հատորները կը պարզեն այլ պատկեր: Բանաստեղծական 8 հատորներուն սկիզբը երբեք չկայ Վահէ Օշական անունը: Հեղինակին անունը գրուած է վերջին էջին վրայ: Արդեօ՞ք հեղինակը կարեւոր չէ: Հեղինակին անունին տեղը նշան մըն է եւ երբ որ կը դրուի վերջը, կը դառնայ արդիւնք, ոչ թէ հայրը գրութեան, այլ՝ որդին: Հեղինակը եւ հեղինակութիւնը չկայ ի սկզբանէ: Բառին Օշականեան ըմբռնումը հետարքրական է՝ բառերը որդեգրուած որբեր են, որ ուրիշ որբեր կ’որդեգրեն: Գր. Պըլտեան ժամանակակիցի եւ հոգեհարազատ ստեղծագործողի նախանձախնդրութեամբ ներկաներուն պարզեց Օշական մտածողին, բանաստեղծին հետաքրքրական աշխարհը, որ կը յատկանշուի բազմաթիւ ինչուներով եւ անպայման չէ, որ այս ինչուները տողերու ընդմէջէն ստանան ընկալեալ պատասխաններ: Թերեւս Օշականի գրականութիւնը կը յատկանշուի բազմաթիւ ինչուներ առաջադրելու իր խիզախութեամբ նաեւ:
Պըլտեանի խիստ հետաքրքրական եւ իւրայատուկ ներկայացումէն ետք, կարճ տեսաերիզ մը ցուցադրուեցաւ, ուր Վ. Օշական կ’ընթերցէր «Նոր մարդը»: Կարճ դադարէ մը ետք նորէն ըմբոշխնեցինք Օշականի ընթերցումը՝ «Սիրահարը» գործէն հատուած մը:
Օրուան գլխաւոր բանախօսներէն Գուրգէն Արզումանեան ներկայացուց Վահէ Օշականի արձակ ստեղծագործութիւնները: Բանախօսութեան նիւթը խորագրուած էր «Ինքնութեան արձակը»: Գ. Արզումանեան նշեց, որ արձակագիր Վահէ Օշականի գործին վրայ մինչեւ վերջ մնաց բանաստեղծ Օշականի կնիքը, ինչ որ շատ բնական է: Բանախօսը հանգամանօրէն կանգ առաւ Օշականի երեք արձակ գործերուն՝ «Փախստականը», «Թակարդին շուրջ» եւ «Սերունդներ» հատորներուն վրայ, իր ուսումնասիրութիւնը ներկայացնելով իբրեւ Օշականեան «փոթորկուն ծովի մէջ նաւարկելու մի փորձ»: Գ. Արզումանեան բանասէրի հմտութեամբ փոխանցեց Օշանակեան արձակի առանձնայատկութիւնները, տալով նաեւ մատենագիտական լայն ծանօթութիւններ: Ապա Լենա Թագւորեան կարդաց երեք արձակ կտորներ հեղինակէն. «Կաղանդի ծառ», «Ածու» եւ «Եղբայրութիւն» (վերջինս՝ ձօնուած Մարկ Նշանեանին): Նորէն պաստառին վրայ Վահէն է եւ կը խօսի ինքն իր մասին: Սրահը հետաքրքրութեամբ կը հետեւի:
Մէկուկէս ժամ տեւող դադարէն յետոյ համագումարը կը շարունակուի ցուցադրութեամբ լուսանկարներու, որոնք կատարած էր Արա Օշական եւ որոնք կը պատմէին Վահէին կեանքի տարբեր հանգրուաններու մասին. նաեւ Հայաստան եւ Արցախ կատարած այցելութիւններէն ակնթարթներ անմահացուցած էին: Լուսանկարներու ցուցադրութիւնը կ’ուղեկցուէր Արային մտերմիկ բացատրութիւններով, որոնք անգամ մը եւս կը փաստէին Օշական մտաւորականին իւրայատուկ նկարագիրը, տրուած հարազատին՝ որդւոյն միջարկութեամբ:
Օրուան գլխաւոր բանախօսներէն Մարկ Նշանեան ներկայացուց «Վահէ Օշական՝ լեզու եւ թատրոն» նիւթը: Բուն իմաստով Օշական թատրոն գրած է իր կեանքի վերջաւորութեան: Անոր սկզբնական գործերը նախաթատերական վիճակ մը կը ներկայացնեն: Օշական իր թատրերգութիւններուն մէջ լայնօրէն գործածած է ժամանակավրէպութիւնը եւ ժամանակախախտումը: Վ. Օշական աւելի շուտ կը բեմադրէ ձայները: Ազատութեան ըմբռնումը եւ հաղորդականութեան տագնապը Օշականի հերոսներու հիմնական յատկանիշը կը կազմեն: Մարկ Նշանեան նաեւ յայտնեց իր խորունկ վրդովմունքը եւ ցաւը այն առթիւ, որ Վ. Օշական տակաւին անծանօթ անուն է Հայաստանի մէջ: Վահէ Օշական Սփիւռքի խղճմտանքն էր եւ գիտակցութիւնը: Ան իբրեւ բանաստեղծ կատարեալ յեղափոխիչ դեր կատարեց մեր գրականութեան մէջ, դառնալով տեսակ մը «գրական ահաբեկիչ»: 1963ին հրատարակուած «Քաղաքը» քանդեց բանաստեղծական կապանքները: Անդրադառնալով նաեւ Օշականեան ազատութեան ըմբռնումին, ինչպէս նաեւ բառ-լեզու շարայարութեան, Մ. Նշանեան շեշտեց, որ Վահէ Օշական որպէս հաւատաւոր գոյութենապաշտ մեծ հումանիստ էր:
Ապա Արա Պաղտոյեան, Սագօ Պէրպէրեան եւ Վազգէն Բրուտեան ընթերցում կը կատարեցին «Աւարայր 80»էն: Կարճ դադարէ մը ետք տեսաերիզի մը ցուցադրութենէ վերջ, Մոնթրէալէն յատուկ հրաւիրուած երիտասարդ մտաւորական Րաֆֆի Աճէմեան ներկայացուց Օշական քննադատը: Ր. Աճէմեան, օգտուելով իր Լիբանան գտնուելու երկար առիթէն, մանրամասնօրէն ուսումնասիրած էր լիբանանեան մամուլի մէջ ցրուած օշականեան գրադատական յօդուածները եւ ներկաներուն պարզեց գրողին աշխատանքային այդ երեսը, ուր եւս Օշական կը մնայ ինքնատիպ, հետաքրքրական եւ միշտ խոտոր կարծրատիպերուն:
Գաղափարի մարդը ներկայացուց նորէն Մոնթրէալէն հրաւիրուած գրող, մտաւորական եւ խմբագիր Վրէժ-Արմէն Արթինեան, որ իր խօսքը փակեց հետեւեալ նշանակալից արտայայտութեամբ. «…Վահէ Օշական խարազանեց մեզ, քաջալերեց եւ սորվեցուց իբրեւ մարդ բարոյապէս ապրելու կերպը»:
Վահէ Օշականի յոբելենական տեսաերիզ-ժապաւէնը պատրաստած էր ֆիլմարտադրող, ֆիլմագրող Հրայր Անմահունին: Այս ժապաւէնով ալ փակուեցաւ գրող, մտաւորական, գաղափարական մարդ Վահէ Օշականին նուիրուած միօրեայ գրական համագումարը, որ իրապէս բացառիկ երեւոյթ կրնանք համարել գաղութիս մշակութային կեանքին մէջ: Կը մնայ նաեւ յուսալ, որ Օշական ընտանեկան հիմնարկը, «Համազգային»ը ապագային եւս նման ձեռնարկներով գոհացում կու տան մեր գրասէրներուն: