
26 Ապրիլին, Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107րդ ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը` կազմակերպուած խորհրդարանի նախագահին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ:
Ձեռնարկին ներկայ էին նախագահ Լուիս Լաքաժէ Փօու, բազմաթիւ նախարարներ, փոխնախարարներ, պատգամաւորներ, ծերակուտականներ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, Ուրուկուէյի Հայոց թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գլնճեան, հայ համայնքի կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ելոյթներով հանդէս եկաւ խորհրդարանի նախագահ Օփէ Փասքեթ, որ խստօրէն դատապարտեց հայերուն «Գորշ Գայլեր»ու նշանը ցոյց տալու` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուի քայլը, զայն վիրաւորական քայլ համարելով` ուղղուած ոչ միայն հայ համայնքին, այլ Ուրուկուէյի ժողովուրդին:
Իր կարգին, Ուրուկուէյի փոխնախագահուhի Պէաթրիս Արխիմոն վերահաստատեց երկրին հաւատարմութիւնը Հայ Դատին նկատմամբ:
Ապա խօսք առաւ արժանթինցի քաղաքագէտ Քլաուտիօ Ֆանտինի, որուն ելոյթի նիւթը ժխտողականութիւնն էր:
Տեսաուղերձով իր պատգամը փոխանցեց Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան:
Ձեռնարկին վերջին ելոյթով հանդէս եկաւ Ուրուկուէյի Հայ Դատի յանձնախումբէն Կապրիէլա Մուժուքեան, որ քննադատեց երկրին արտաքին գործոց նախարարութիւը՝ Չաւուշօղլուի այցելութիւնը ճիշդ Ապրիլ 24ին կազմակերպելուն համար եւ գնահատեց Չաւուշօղլուն քննադատող Ուրուկուէյի նախագահին արագ արձագանգը։