
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսականներ Քերըլայն Մըլոնի եւ Կաս Պիլիրաքիս Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած կրթական ծրագիրներու բանաձեւը (Armenian Genocide Education Act), որուն կը զօրակցին Հայ Դատը եւ մօտաւորապէս 50 քոնկրեսականներ։
Բանաձեւի մը վերածուելու պարագային, դասաւանդման ծրագիրը 10 միլիոն տոլարի աջակցութիւն պիտի պահանջէ:
Հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներու աջակցութիւնը վայելող բանաձեւը կու գայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի որոշումներուն, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութեան լոյսին տակ եւ կը հանդիսանայ անոնց տրամաբանական յաջորդ քայլը:
Բանաձեւը հինգ տարիներու ընթացքին 10 միլիոն տոլար աջակցութեան համար է, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան, անկէ քաղուելիք դասերուն եւ անոր հետեւանքներուն վերաբերեալ կրթական ծրագիրներ իրականացնել Քոնկրեսի գրադարանին մէջ։
«Ինչպէս կ՛ըսեն, եթէ պատմութենէն դասեր չքաղենք, մենք դատապարտուած ենք կրկնելու զայն։ Ահա՛ թէ ինչո՛ւ հպարտ եմ, որ կը ներկայացնեմ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կրթութեան բանաձեւը, որպէսզի ճշգրիտ եւ արդիւնաւէտ կերպով ներկայացուին Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափները եւ դասերը։ Ցեղասպանութիւնը հաստատող Քոնկրեսի եւ նախագահ Ճօ Պայտընի յստակ որոշումներէն ետք, հիմա շատ կարեւոր է, որ ամերիկացիները հասանելիութիւն ունենան աղբիւրներու, որոնք անհրաժեշտ են այդ վայրագութեան մասին իմանալու եւ բարձրաձայնելու համար», ըսաւ Մըլոնի։
Իր կարգին, Պիլիրաքիս շեշտեց, թէ մարդկային պատմութեան ամէնէն մութ էջերը գրուած են այն պահուն, երբ մարդիկ որոշած են ձեռնածալ մնալ անարդարութիւններու դէմ․ ան աւելցուց, որ անցեալի ոճիրները դասաւանդելով է որ կարելի պիտի ըլլայ ապագային կանխել անոնց կրկնութիւնը։
Այս առիթով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան ողջունեց քոնկրեսականներուն այս նախաձեռնութիւնը՝ յայտնելով, թէ ցեղասպանութիւններու դասաւանդումը յոյժ կարեւոր է յատկապէս այս օրերուն, երբ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը ջանան շարունակել 1915ին սկսած ցեղասպանութեան փորձութիւնը:
Բանաձեւին զօրակցելու նպատակով ձեր շրջանի քոնկրեսականին դիմելու համար այցելել կայքէջը:
Բանաձեւին զօրակցող քոնկրեսականներուն ցանկին համար այցելել կայքէջը։