ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Պոլսոյ մէջ, Ապրիլ 24ին` Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը, տեղի պիտի ունենան շարք մը ձեռնարկներ, կը տեղեկացնէ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժինի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան։ Ան յայտնեց, որ վերջին երկու տարիներուն, համաճարակին պատճառով, հանրային վայրերու մէջ ձեռնարկներ իրականացնելու մեծ կարելիութիւններ չկային, սակայն այս իրավիճակը բարելաւուած է։
Նախատեսուած է հաւաք Պէշիկթաշ թաղամասին մէջ, Ապրիլ 24ի երեկոյեան: Նոյն օրը, Ցեղասպանութեան մասին լրատուամիջոցներուն համար յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գայ Մարդկային իրաւունքներու միութիւնը:
«Ապրիլ 24ի կէսօրին կը ծրագրուի այցելութիւն Սեւակ Պալըքճըի շիրիմին: Ան այն երիտասարդ զինուորն է, որ 24 Ապրիլի 2011ին, իր զօրամասին մէջ սպաննուեցաւ՝ ատելութեան հողի վրայ: Նախորդ շաբաթ, «Շաբաթօրեայ մայրեր» կազմակերպութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը եւ յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը` իբրեւ պետութեան կողմէ անհետ կորսուածներ», ըսաւ Էսդուգեան:
Նաեւ, Ապրիլ 24ին, տարբեր սրահներու մէջ նախատեսուած են Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած քննարկումներ եւ ասուլիսներ: Էսդուգեան յայտնեց, որ տեղական կարգ մը պատկերասփիւռի ընկերութիւններ պատրաստած են նաեւ հաղորդումներ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին․ անոնց մէկ մասին կը մասնակցին նաեւ հայեր։
«Ի՞նչ քննարկումներ կը կատարուին վերջին ժամանակաշրջանին, Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան հարցին շուրջ եւ որքանով անիկա իր ազդեցութիւնը կը ձգէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին վրայ» հարցումին պատասխանելով՝ Էսդուգեան ըսաւ, թէ այդ հարցին շուրջ Թուրքիոյ մէջ մեծ քննարկումներ չկան:
«Գլխաւորաբար, երկխօսութիւն չկայ: Բանագնացները հանդիպումներ կ՛ունենան, սակայն չենք գիտեր, թէ ինչի մասին կը խօսին: Որեւէ արդիւնք, զարգացում, յառաջընթաց չկայ: Թուրքիոյ մէջ այդ հարցին վերաբերեալ արձագանգ չկայ: Այդ հարցը կարծես, թէ Հայաստանի համար աւելի հրատապ է․ հոն աւելի շատ կը հետաքրքրուին զարգացումներով, սակայն անիկա Թուրքիոյ մէջ օրակարգի նիւթ չէ, շօշափելի արդիւնք չկայ», ըսաւ Էսդուգեան: