
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավարութեան ներկայացուցիչներ, Հայ Դատի համակիրներ եւ բարեկամներ ի մի եկան՝ մեծարելու համար հայութեան երկար տարիներու բարեկամ, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզը, որ 2019ին գլխաւորած էր Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան միաձայն ճանաչումը ապահովելու պատմական արշաւը եւ կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Արցախին ազատութիւն եւ Հայաստանին ապահովութիւն ապահովելու ջանքերուն։
Դեմոկրատ ծերակուտականը տասնամեակներէ ի վեր սերտ կապեր ունի յատկապէս Նիւ Ճըրզիի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավար Ռաֆֆի Համբարեան դրուատեց Մենենտեզը հայանպաստ եւ մարդկային իրաւանց զօրակցող սկզբունքային կեցուածքները՝ յիշեցնելով, որ ան շարունակաբար Հայ Դատի A+ վարկանիշը ստացած է հայութեան ի նպաստ գործունէութեան համար։
Ծերակուտական Մենենտեզի ի պատիւ հաւաքը տեղի ունեցաւ իրաւաբան Կարօ Մարտիրոսեանի եւ անոր կնոջ՝ Եուլիայի, հիւրընկալութեամբ․ անոր ներկայ եղաւ նաեւ Արցախի թեմի նախորդ առաջնորդ Պարգեւ արք․ Մարտիրոսեան։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Անի Չաղլասեան, որ Նիւ Ճըրզիէն ժամանած էր մասնակցելու իր նահանգը ներկայացնող ծերակուտականի մեծարման, շնորհակալութիւն յայտնեց ծերակուտականին ցուցաբերած երկար տարիներու զօրակցութեան համար։
Իրաւաբան Կարօ Մարտիրոսեան իրեն համար պատիւ համարեց իր բնակարանին մէջ ծերակուտականին ի նպաստ հաւաքին կազմակերպումը, գնահատելով Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու, Արցախը պաշտպանելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն արդար հատուցում ապահովելու գծով անոր տարած աշխատանքը։

Ծերակուտական Մենենտեզ յատկանշական աշխատանք տարած է նաեւ Ատրպէյճանին տրամադրուող աջակցութիւնները սահամանափակելու արշաւին մէջ: Ան բացայայտեց իր առաջնորդութեամբ կատարուած դիմումներուն շնորհիւ տեղի ունեցած պետական հետաքննութիւնը, թէ առանց Քոնկրեսին պէտք եղած տեղեկութիւնները փոխանցելու, Ատրպէյճանին 164 միլիոն տոլարի աջակցութիւն տրամադրուած է, խախտելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական աջակցութեան հաւասարակշռութիւնը պահպանելու սկզբունքը։
44օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք, ծերակուտականը նաեւ նեցուկ կանգնած էր Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան պատասխանատուութեան կանչելու եւ անոնց դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու քոնկրեսական ջանքերուն։
Նշեալներուն կողքին, Մենենտեզ ձախողութեան մատնած էր Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու Տիք Հոլընտի նշանակումը, որովհետեւ վերջինս Ցեղասպանութիւնը ուրացող մըն է։ Նաեւ, Ատրպէյճանի ի նպաստ դիրքորոշուած եւ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակուած Մեթիու Պրայազայի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը կարելի եղած էր սահմանափակել անոր ջանքերով։
Մենենտեզ առաջին անգամ Քոնկրեսի անդամ ընտրուած է 1992ին, ընտրուելով Ներկայացուցիչներու տան անդամ, իսկ 2006ին ընտրուած է Ծերակոյտի անդամ։