
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՔԻԵՒ, «Պի․Պի․Սի․»․- Ուքրանիոյ արեւելեան Տոնպաս շրջանին վրայ ռուսական սաստկացած յարձակումները արդէն քանի մը օրէ ի վեր կը շարունակուին, սակայն ըստ ամերիկեան հետախուզութեան մարմիններու տուեալներուն, Ռուսիա ցարդ յատկանշական յառաջխաղացք չէ կրցած արձանագրել:
Ռուսական զօրքերը աշխուժացուցած են Լուհանսքի եւ Տոնեցքի շրջաններուն մէջ յարձակողական գործողութիւնները եւ գրեթէ ամբողջութեամբ բռնագրաւած են հարաւային Մարիուփոլ քաղաքը, ուրկէ քանի մը հարիւր քաղաքայիններ կրցան Հինգշաբթի օր դուրս գալ։
«ՌՊՔ Ուքրանիա»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Մոթուզիանիք յայտնեց, թէ ռուսական զօրքերը զգալիօրէն արագացուցած են շփման գիծի գրեթէ ամբողջ երկայնքին կատարուող յարձակողական գործողութիւնները արեւելեան մարտական գօտիին մէջ եւ աւելցուցած հրթիռային ու հրետանային յարձակումներու թիւը: «Այժմ կարելի է ըսել, որ այս վճռական ճակատամարտը արդէն սկսած է», ըսաւ Մոթուզիանիք, ըստ որուն, Ռուսիա կը փորձէ մինչեւ 9 Մայիս Տոնեցքի եւ Լուհանսքի շրջաններու տարածքները ամբողջութեամբ գրաւել: «Այժմ անոնց նպատակը շատ յստակ է` Տոնեցքի եւ Լուհանսքի վարչական շրջաններէն դուրս մղել ուքրանական ուժերը եւ պահպանել «ցամաքային միջանցքը» դէպի ժամանակաւորապէս բռնագրաւուած Խրիմ: Ճիշդ այս «յաղթանակն» է, որ անոնց կառավարութիւնը պիտի փորձէ «վաճառել» իր հասարակութեան», ըսաւ Մոթուզիանիք:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հինգշաբթի օր յայտարարեց, թէ յաւելեալ 800 միլիոն տոլարի ռազմական եւ 500 միլիոն տոլարի տնտեսական աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Ուքրանիոյ իշխանութիւններուն, ներառեալ՝ ծանր հրետանիներ, հրթիռարձակներ, անօդաչու թռչող սարքեր եւ զինամթերք։ Ան նաեւ «պատմական յաղթանակ» որակեց Քիեւի սահմաններէն ռուսական ուժերը ետ մղելու ուքրանական ուժերուն իրագործումը։
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսիա Ուքրանիոյ ուղարկած է համաձայնագիրի փաստաթուղթի նախագիծը: Ան աւելցուց, որ Ռուսիա կը սպասէ իր առաջարկներու պատասխանին եւ մեղադրեց ուքրանական կողմը «հոլովոյթը աշխուժացնելու» ցանկութիւն չունենալու յանցանքով:
Իր կարգին, Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդական Միխայիլ Փոտոլիաք, մեկնաբանելով Փեսքովի խօսքը՝ յայտնեց, որ պէտք է «հիմնուիլ միայն ուքրանական կողմի պաշտօնական զեկուցումներուն վրայ», որովհետեւ «ռուսերը շատ յաճախ հրապարակային յայտարարութիւնները կ՛օգտագործեն իբրեւ ճնշումի միջոց»:
«Ինչ կը վերաբերի բուն բանակցային հոլովոյթին, Ուքրանիա, Պոլսոյ փուլի ծիրին մէջ, հակառակորդ կողմին յանձնած է բանաձեւուած լուծումներու իր առաջարկները, որոնց շարքին են մեր երկիրի վրայ չյարձակելու երաշխիքներ», ընդգծեց Փոտոլիաք:
ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ՖԻՆԼԱՆՏԱՅԻ ԵՒ ՇՈՒԷՏԻ
Ռուսիա Շուէտը եւ Ֆինլանտան նախազգուշացուց, թէ անոնց՝ ՆԱԹՕի հաւանական անդամակցութիւնը «հետեւանքներ կրնայ ունենալ», «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Պրիւքսէլ, Միացեալ Նահանգներու հովանիին տակ, երկար ժամանակ Շուէտը եւ Ֆինլանտան ներգրաւած է իրենց կառոյցներուն մէջ, զանազան միջոցներ ձեռնարկուած են ռազմափորձերու անունին տակ` զանոնք իրողապէս ներգրաւելու համար: Մենք բոլոր զգուշացումները կատարած ենք` թէ՛ հրապարակային, թէ՛ երկկողմ ուղիներով: Անոնք գիտեն այդ մասին, առ այդ զարմանալի բան չկայ: Անոնք տեղեկացուած են ամէն ինչի մասին, թէ ատիկա ինչ բանի՛ պիտի յանգեցնէ», ըսաւ Զախարովա:
ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ նախապէս յայտարարած էր, որ Ֆինլանտա եւ Շուէտ կրնան յոյս դնել արագացուած ընթացակարգով ՆԱԹՕին անդամակցելու հաւականութեան վրայ: