ԵՐԵՒԱՆ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հանրային առողջապահութեան «Ֆիլտինկ» բաժանմունքին եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի առողջապահութեան գիտութիւններու «Թրբանճեան» բաժանմունքին, 3 Մարտին տեղի ունեցաւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին նուիրուած առցանց քննարկում մը՝ մասնակցութեամբ առաւել քան 120 մասնագէտներու:
Քննարկուեցան «Քորոնա» ժահրի զանազան տարբերակներու իւրայատկութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր պատուստները եւ համաճարակէն քաղուած դասերը:
Քննարկումը առաջնորդեցին Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հանրային առողջապահութեան բաժանմունքի փոխվարիչի դոկտ. Ալինա Դուրեան եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի դասախօս Լուսին Մուշեղեան, իսկ գլխաւոր բանախօսն էր` դոկտ. Մայքըլ Ռիտ, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղէն: