ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի Սէուտական Արաբիա այցելութենէն առաջ անակնկալ զարգացում արձանագրուած է Պոլսոյ սէուտական ընդհանուր հիւպատոսարանին մէջ սպաննուած՝ սէուտցի յայտնի այլախոհ Ճամալ Խաշոկճիի դատին մէջ, երբ Թուրքիոյ դատախազութիւնը պահանջած է փակել սպանութեան դատը եւ զայն փոխանցել Սէուտական Արաբիա, ինչպէս կը պահանջէր Ռիատ։
Թրքական լրատուամիջոցները այս լուրին մասին յօդուածներ տպագրած են այսպիսի վերնագիրներով՝ «Խաշոկճիի Դատը Կը Փոխանցուի Զինք Սպաննողին», «Թրքական Արդարադատութեան Դաւաճանութիւնը», «Զիջում Պըն Սալմանին (Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ)» եւ այլն։
«Խաշոկճիի դատը Սէուտական Արաբիա տեղափոխել կը նշանակէ սպանութեան դատը յանձնել նոյնինքն մարդասպանին։ Ասիկա կը նմանի «Ազատութեան նաւատորմ»ի (թուրք նաւաստիներու սպանութեան) դատը Իսրայէլի փոխանցելուն։ Դատը յանցաւորներուն յանձնել, առանց դատավարութիւնը աւարտելու, վատագոյն չարիքն է, զոր կարելի է ընել այս երկրին հանդէպ», ըսաւ քեմալական պատգամաւոր Թունճայ Օզքան։
Իսկ երկրի արտաքին նախկին նախարար, ընդդիմադիր կուսակցութեան փոխնախագահ Ալի Պապաճանի այդ որոշումը «խայտառակութիւն» որակեց։
Saudi Arabia obtaining to judge Kachukchi case, proves Turkey
is losing ground , Without Caliph Title; very important to prove
that they are THE only Leader for Pan Turk movement (without
Honorable Title, Lost 1922, when Sultan Mehmed VI Caliph,
stepped down).