ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Յարգելի՛ ընթերցող, նախորդ յօդուածիս մէջ ձեզի ներկայացուցած էի «ծոց» բառի գրական աչքառու փունջ մը: Անիկա հարուստ էր ջերմ արտայայտութիւններով, ինչպէս՝ «ընտանիքի ծոցը», «մօր ծոցը կաթնաբոյր», «մայրենի լեզուի ծոցը», «հայրենի լեռներու ծոցը»: Այս բառը, փառք մեր աշուղներուն եւ քերթողներուն, աւելի փայլեցաւ սիրային երգ ու բանաստեղծութիւններու մէջ: Հայկական գրականութիւնը իրօք իր մէջ կը պարունակէ հազարաւոր «ծոցանուէր» ստեղծագործութիւններ: Անոնք ո՞ւր պահուած են… Մեր հեղինակներու ծոցատետրերուն մէջ, անշո՛ւշտ: Արդ, ձեզ կը հրաւիրեմ այդ մասունքներու էջերը թերթել ու ժողովուրդի ծոցէն ծնած, մօր կաթնաբոյր ծոցի մէջ մեծցած, իսկ այժմ մայր հողի ծոցի մէջ հանգիստի արժանացած գրիչներու տողիկները վայելել:
Հրապուրիչ է «ծոց» բառը, վիպային, դիւթիչ եւ զգլխիչ: Քանի որ մենք սիրեցինք այդ բառը, պահեցինք մեր ծոցին մէջ, սնուցինք, շոյեցինք գուրգուրանքով: Իսկ անիկա, իբրեւ երախտապարտ միավանկ՝ փոխհատուցեց այդ վերաբերմունքը ու ետ դարձաւ որպէս քնարական երկ:
Աշխարհաբոյր գրականութեան մէջ առաջին անգամ Գրիգոր Նարեկացին է, որ նկատեց անոր գեղեցկութիւնը ու ստեղծեց Ծննդեան տաղը. «Աչքն ծով ի ծոց ծիծաղախիտ / Ծաւալանայր յառաւօտուն»: Նարեկացիէն ետք տաղասացներ եւ քնարերգակ բանաստեղծներ նկատեցին, թէ հասունցած է անիկա, ու բառը… իգականացաւ:
1600ի վերջերը, Նաղաշ Յովնաթանը, մեր վերջին տաղասացը, հիացաւ եարի սիրունատես պատկերին ու ըսաւ. «Ծոցիդ շամամներն խիստ է նորահաս, / Վախեմ՝ թէ թառամի, շատ մի կենար պաս»: Նաղաշի յաջորդը, Սայաթ Նովան, քաջալերուած իր վարպետի արուեստէն՝ նայեցաւ ի՛ր եարին ու երգեց. «Հասիլ է ծուցիդ շամամն՝ օսկէ թաբաղին կարօտ է»: Յաջորդ դարը ազատագրական պայքարի շունչ ունէր. Խաչատուր Աբովեանը «Վէրք Հայաստան»ջ վէպին մէջ գրական հերոսի խօսքով նկարագրեց իր հոգեկան վիճակը. «Ձեռս ծոցումս, գլուխս լեռ քարին, / Տխուր լալիս եմ՝ օրս խաւարած»: Վենետիկի մէջ, Հ. Ղեւոնդ Ալիշան մեր մայրենիին պարգեւեց հայրենիքը նկարագրող գրական պատկերներ. «Մասեաց ծոց», «Հայաստանի մեծ դայեկին ծոցը յԵրասխ», «Բազմածոց ձորակներ», «Գառնոյ ձորակին ծածուկ ծոցեր», «Միջերկրական ծովուն Հայոց ծոցը»… Վարդապետը վշտահար մայր մը նկարագրելու համար ալ գործածեց «ծոց» բառը. «Մօր մը սրտակտուր ծոցը»: Ալիշանը աւանդեց նաեւ նարեկաշունչ տողիկ մը. «Ծիածաւալ ծովուն ծուփ-ծուփ ծոցեր»: Գարեգին Սրուանձտեանցը Վանայ Այգեստանի քնարական պատկեր մը հիւսեց. «Հով ճաճանչները կը փայլեցնէ զեփիւռը ծովուն ափանց մօտ եղած նօսր ջրերուն ծոցիկ»: Իսկ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի եւ Ռուբէն Սեւակի համար, ծոցը գեղեցկուհիի մը սէրն էր. «Շուշանափայլ բարձր մի փափկիկ / Ըլլայ քու ծոցդ ինձ առ ի քուն», «Փոքրիկ ծոցիդ թիթե՜ռ պէտք էր, / Դուն ծեր արծիւ մը բանտեցիր»:
Հայկական գրականութեան ամէնէն տարփոտ ծոցը Նազենիկի՛նն էր, շիկահեր հարճ մը, որ այրեց ասպետներու սիրտեր: Դանիէլ Վարուժան պատմեց անոր զգլխիչ տենդը. «Ա՛լ յոգնած էր ու քրտնած, կ՛ուռէր ծոցն իր լուսեղէն… Թափեցաւ քիչ մը գինին ու ծոցն ի վար սահելով՝ / Գնաց լճակի պէս կարմիր ժողվիլ պորտին մէջ անյայտ»: Վարուժանի «Հարճը» ունի ծոցերով հարուստ բամաթիւ այլ պատկերներ. «Տռփածոց Աստղիկ», «Յաւերժանիստ սառին ծոց», «Կոյսերու լոյս ծոց», «Ասպետի մռայլ ծոց», «Անտառի ծոց», «Տօթէն թխացած ծոց»…
Հայ ժողովրդական երգահանը չէր կրնար անտարբեր մնալ ծոցին հանդէպ. «Քամին տայ ծոցիդ մովին, թամզարա, հա՜յ, թամզարա», երբ անոր տեսքը կը ներգործէր ամէն սիրահարին, «Շարմաղ, շարմաղ մազեր զիս, դէ՛ զնգը, զնգը, դէ՛ ջան, մէջ քո ծոցին թաղեր զիս, դէ՛ զնգը, զնգը, դէ՛ ջան», թէ՛ ուրախութեան եւ թէ տխրութեան պահերուն, «Ես սարէն կու գայի, դուն դուռը բացիր. ձեռդ ծոցդ տարար, ա՜խ արիր, լացիր», կամ Այգեստանի մէջ առաւօտուն, «Իմ եար բախչէն կայնի՝ երկու ձեռն ի ծոց, աշխարհ գիտի, ալամ գիտի, իմն ես տու»: Իսկ այլ երգահան մը փափաք յայտնեց՝ «Ծոցիդ կախուած խաչն ըլլայի»:
Դուք կ՛ուզէ՞ք գիտնալ, թէ ո՛վ էր ծոցի իսկական երկրպագուն. Աշուղ Նահապետ Քուչակը: Անփորձ աշուղին համար եարի ծոցը «Ադամայ դրախտ» էր, «Լուսաւոր տաճար», «Կարմիր խնձորի պարտէզ»: Քուչակի վերագրուած ու անոր անունով հրատարակուած հարիւր հայրեններու մէջ քսանհինգ «ծոց» կայ հեւացող: Արդ, դարձեալ ճամբորդենք Վան, լիճի ամայի ծոցի մը մէջ նստինք ու ականջալուր ըլլանք երիտասարդ Նահապետի վառ գովասանքներուն.
«Ուր որ դու կանգնած լինիս,
չէ պատեհ վառեն մոմեղէն.
Ծոցուդ լոյսն դուրս ծագէ,
Գէմ ելնէ մեռելն ի հողէն»:
Աշուղի եարին ծոցը արժանացաւ բամաթիւ այլ փառաբանութիւններու. «Ծագէ լոյս ի քո ծոցէդ», «Իմ եարն ինձ դէմ դիպաւ՝ ծոցն ի լի կարմիր խնծորով», «Քո ծոցդ է ի ծով նման», «Փոքրիկ մտերմիկ լինամ, ու մտնում ի ծոցդ ու լողամ», «Քու ծոցդ առաւօտ նման», «Երնէկ ես անո՛ր կու տամ, որ գիշերն ի ծոցդ է պառկեր», «Ծոցդ լո՛յս կու տայ աստղերուն», «Քո ծոցդ է ճերմակ տաճար», «Քո ծոցդ Ադամայ դրախտ, մտնէի, խնծո՛ր քաղէի»… Իսկ օր մը, աշուղը, համբերութիւնը հատած՝ հարցուց. «Քո ծոցուդ ա՛մ ե՞րբ տիրանամ»: Չէ՞ որ մահը յանկարծ կրնար Քուչակը զրկել այդ հաճոյքէն…
«Մեռնիս, այլ անդին երթաս,
զայդ ճերմակ ծոցիկդ ի՞նչ անես,
Զամէնն որդեԲրն ուտեն,
դու է՞ր զիս մահրում կու պահես»:
Այս խօսքերը ներգործեցին աղջկան, ու բարեխիղճ էր ան. աշուղի պաղատանքը կատարուեցաւ.
«Գնա ու գիշեԲրն արի,
որ ամէն դժարս դուրանայ.
Քեզի գիրկ ու ծոց անեմ.
Պագ հազար, մինչ որ լուսանայ»:
Ծոցանուէր այդ տաղասացներն ու աշուղները այժմ մայր հողի ծոցին մէջ հանգիստ կը ննջեն: Իսկ անոնց ծոցատետրերու դեղնած էջերը կը մնան իբրեւ ջերմ ու անկեղծ սիրոյ վկաներ: Կը փափաքիմ նաեւ յիշել պոլսահայ բանաստեղծ, հողի ծոցը վաղաժամ գրկած Կարպիս Ճանճիկեանի «Գովք Հողի» բանաստեղծութենէն պատառիկ մը. «Էրնէկ մեզի / քու ծոցիդ մէջ պիտի ըլլանք»…
Ի՛նչ փոյթ, թէ հողը ցուրտ է, այնքան ատեն, որ կայ ծոցը՝ վառ, հիւրընկալ, հրապուրող ու հեշտագին շատ անգամ… Ան կաթնաբոյր է ու հմայող, ինչպէս Արաբկիրի ժողովրդական երգիչն է յօրիներ.
«Ամէն ջուրէն ելլալուդ,
Քեզ ծոցիկս առնէի,
Ամուր, ամուր սեղմէի»:
Մինչեւ մեր յաջորդ հանդիպումը, կը մաղթեմ, որ ձեր սեփական ծոցատետրին մէջ անմահացնէք ծոցանուէր նոր տողիկներ: