ԹՈՐՈՆԹՕ․- Օնթարիօ նահանգին մէջ կ’ապրին առաւել քան 100,000 հայկական ժառանգութիւն ունեցող քաղաքացիներ:
Հայկական առաջին գաղթը դէպի Գանատա տեղի ունեցած է 1880ական թուականներուն։
Առաջին հայը, որ հաստատուեցաւ Գանատա, Օնթարիոյի Փորթ Հօփ շրջանը, Կարապետ Ներկարեանն էր: 1892 թին, 37 հայեր հասան Օնթարիօ եւ 1895ին 100 հայեր եւս հաստատուեցան Օնթարիօ նահանգի մէջ։
1890ականներուն, համիտեան ջարդերէն ետք, հայ ընտանիքները աւելի մեծ թիւով հաստատուեցան Օնթարիօ նահանգին մէջ: Տասնամեակներ ետք՝ 1915ին, Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներէն մօտաւորապէս 2000 անձեր, մեծ մասամբ կիներ եւ մանուկներ, կայք հաստատած են Գանատա՝ իբրեւ գաղթականներ։
1920ականներու սկիզբը, Գանատայի Հայ Օգնութեան ընկերակցութիւնը իր աջակցութիւնը բերած է հայ գաղթականներուն, որպէսզի հետզհետէ անոնք համլրուին գանատական ընկերութեան մէջ։ Յիշատակելի է, որ Ճորճթաուն Օնթարիօ հասան առաւել քան 100 հայ որբ մանուկներ, որոնք հետագային կոչուեցան «Ճորճթաունի տղաներ»:
Ուշագրաւ սոյն աջակցութիւնը ճանչցուեցաւ՝ իբրեւ «Գանատայի ազնուական նախաձեռնութիւնը» (Canada’s Noble Experiment)։ Այս արարքը առաջիններէն մէկը հանդիսացաւ Գանատայի մարդասիրական միջազգային գործունէութիւններուն։ 2010ին, Օնթարիo նահանգի Հալթըն Հիլզ քաղաքին մէջ գտնուող Ճորճթաունի տղոց ագարակատունը, այժմ “Cedarvale Community Centre”, յայտարարուեցաւ պատմական եւ պահպանուող քաղաքապետական կառոյց:
Մայիս ամիսը հայ համայնքին համար նշանակալից եւ անկիւնադարձային ամիս է։ 28 Մայիս 1918 թուականը լայնօրէն նշուած տօն է աշխարհասփիւռ հայ զանգուածներու կողմէ։ Մայիս 28ին, հայերը 600 տարուան գերութենէ , տարագրութենէ, գրաւումէ եւ Ցեղասպանութենէ ետք վերականգնեցին իրենց ինքնիշխանութիւնը եւ իրենց նախնիներու հողային պատմական տարածքի կարեւոր մէկ բաժինը։ 1918ի Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը հայերու ազատութեան ձգտումին, ժողովրդավարութեան եւ անկախութեան խորհրդանիշն է։ Մայիս 28ը հայկական ամէնէն կարեւոր տօներէն է, եւ Մայիս ամսուան ընթացքին տեղի կ՛ունենան բազմաթիւ շքերթներ եւ տօնախմբութիւններ:
Մայիս ամիսը հռչակելով Հայկական Ժառանգութեան Ամիս՝ Օնթարիօ նահանգը պաշտօնապէս կը հաստատէ գանատահայերուն ակներեւ ազդեցութիւնը Օնթարիոյի ընկերային, մշակութային, կրթական, տնտեսական եւ քաղաքական հիմնարկներու վրայ, ինչպէս նաեւ անոնց ներդրումը արուեստի, գիտութեան եւ գրականութեան մարզերին մէջ։ Հայկական Ժառանգութեան Ամիսը առիթ է Օնթարիոյի ժողովուրդին ծանօթացնելու գանատահայերու պայքարը ու ձեռքբերումները՝ գանատական ընկերութեան մէջ, որ կը յարգէ ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, մարդկային իրաւունքները եւ օրէնքի գերակայութիւնը: Այս հիմնական արժէքները կը նպաստեն Օնթարիոյի հզօրութեան եւ բազմազանութեան:
Ուստի, նորին մեծութիւնը, Օնթարիօ նահանգի Օրէնսդիր ժողովին խորհուրդով եւ համաձայնութեամբ կը սահմանէ հետեւեալը․
Հայկական Ժառանգութեան Ամիս
1. Իւրաքանչիւր տարուան Մայիս ամիսը կը յայտարարուի Հայկական Ժառանգութեան Ամիս․
Մեկնարկ
2. Խորհրդարանի սոյն որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ արքայական վաւերացում ստանալալէ ետք․
Համառօտ Վերնագիր
3. Սոյն որոշումի համառօտ վերնագիրն է՝ «Հայկական Ժառանգութեան Ամիսի որոշում, 2022»։