Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ (Սան Նիքոլա տա Թոլենթինօ) անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Դադիվանքի հայկական պատմական վանքի որմնանկարներու վերականգնման աշխատանքներուն նուիրուած գիրքի շնորհանդէսը։ Հռոմի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիպում մըն էր այս մէկը։ Գիրքը հեղինակուած է ճարտարապետ Արա Զարեանի եւ վերականգնող Քրիստին Լամուրէի կողմէ։ Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակին ձօնուած ձեռնարկ մըն էր անիկա, որուն ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ դեսպան Ծովինար Համբարձումեան։
Ձեռնարկին ներկայ էին զանազան երկիրներու դեսպաններ, դիւանագէտներ, հոգեւորականներ, իտալացի պաշտօնատարներ, ակադեմական շրջանակներէ դէմքեր, մշակոյթի գործիչներ, զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն սպասաւորներ եւ իտալահայ համայնքէն ներկայացուցիչներ։
«ԺԱՄԱՆԱԿ»