Ֆրանսայի Մոնթինյի-լը-Պրեթոնիօ քաղաքին մէջ պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ հանգուցեալ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի անունով արուեստներու կեդրոն մը։ Անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպուած պաշտօնական բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան «Ազնաւուր» հիմնարկի համահիմնադիր Նիքոլա Ազնաւուր, նոյն հիմնարկի տնօրէնուհի Քրիսթին Ազնաւուր, Ֆրանսայի Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի եւ Իվլին նահանգի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, նաեւ այլ հիւրեր։
Նիքոլա եւ Քրիսթին Ազնաւուրներու առընթեր, խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը կտրեցին ծերակուտական Միշել Լոժիէ եւ քաղաքապետ Լորէն Մերքեր։
Կեդրոնը եզակի տարածք մըն է երիտասարդներու համար՝ արտայայտելու իրենց ստեղծագործական միտքը, դրսեւորելու ընդունակութիւնները եւ ձիրքերը, նոր գիտելիքներ ձեռք բերելու, արուեստին ու մշակոյթին աւելի մօտ ըլլալու, նաեւ պատրաստուելու արուեստի ոլորտին մէջ իրենց ապագայ մասնագիտացումին։
Ուսման գործընթացները պիտի կազմակերպուին 5 հիմնական ուղղութիւններով՝ պար, թատրոն, երաժշտութիւն, փորձեր եւ ձայնագրութիւններ։
Այս բոլորին համադրման շնորհիւ, երիտասարդներուն կը ջամբուին ոլորտային բազմակողմանի գիտելիքներ եւ անոնք կիրառական հմտութիւններ ձեռք կը բերեն։
Իւրայատուկ ոճով նախագծուած եւ ժամանակակից միջավայր մը ըլլալուն առընթեր, կեդրոնը յագեցած է արհեստավարժ բարձրակարգ սարքաւորումներով, ինչ որ ոչ միայն հետաքրքրական, այլեւ շատ արդիւնաւէտ կը դարձնէ ուսման ընթացքը։
Կեդրոնը ունի մեծ համերգասրահ մը եւ այնտեղ այս պահուն արդէն 1800 երիտասարդներ կը յաճախեն։ Դասաւանդող մասնագէտներու թիւը արդէն հասած է 40ի։
«ԺԱՄԱՆԱԿ»