
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ՀՄԸՄի «Հրաշք» մարզական բաժանմունքը 27 Մարտին 10,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը ստացաւ «Քլոյի Նիքի» ընկերութենէն, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել եւ ընդարձակել «Հրաշք»ի գործունէութիւնը։
«Քլոյի Նիքի»ն հաստատուած է Ղազարեան ընտանիքին կողմէ, որ օթիզմ ունեցող զաւակ մը ունի՝ Քլոյի անունով։
«Քլոյին մեզի սորվեցուցած է ազնուութեան, համբերութեան, սիրոյ եւ յարգանքին կարեւորութիւնը», կը յայտնէ ընկերութեան համահիմադիր եւ Քլոյիի հայրը՝ Արթին Ղազարեան։


Ղազարեան ընտանիքը այս եւ այլ նախաձեռնութիւններու միջոցաւ օժանդակութիւններ կը տրամադրէ յատուկ կարիքներ ունեցող պատանիներու։
Կօշիկներ ծախող «Քլոյի Նիքի»ի համացանցային կայքէն.
20 տոկոսի զեղչով գնում կատարելու համար կարելի է գործածել HRASHQ20 գաղտնաթիւը։
ՀՄԸՄի «Հրաշք» մարզական բաժանմունքը արդէն իսկ կը գործէ աւելի քան չորս տարիներէ ի վեր եւ կրցած է իր տիրական ներկայութիւնը հաստատել շրջանին մէջ: Անոր մէջ ընդգրկուած են յատուկ կարիքներ ունեցող հայ պատանի-երիտասարդներ, որոնց համար մարզական յատուկ ծրագիրներ կ՛իրագործուին, որպէսզի անոնք ոգեւորուին, սիրեն իրենց անձը, լաւատեսութեամբ մօտենան կեանքին եւ մանաւանդ իրենք զիրենք լիիրաւ անդամը զգան իրենց համայնքին:

