ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ՆՕԹԵՐ
Համադրեց՝ ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Սողոմոն Թեհլիրեան ծնած է 1896 Ապրիլ 2ին, Դարանաղեաց (Կամախ) գաւառի վարի Բագառիճ գիւղը:
Հայրը՝ Խաչատուր, իսկ մայրը՝ Հնազանդ, Գաթըրճեան Տէր Յարութիւնի աղջիկն էր: Ունեցած են հինգ մանչ զաւակներ: Երկրորդ զաւակը 3-4 տարեկանին մահացած է, մնացեալները՝ Միսաք, Սեդրակ, Աւետիս եւ Սողոմոն:
Կամախի շրջանի գիւղացիները իրենց աշխատանքին արդիւնքով չէին կրնար ապրեցնել իրենց ընտանիքները, բաւականաչափ մշակելի հողեր չունէին: Այրերը կ՛երթային արտասահման, մասնաւորաբար պալքանեան երկիրները, քանի մը տարի չարաչար աշխատելով դրամ կը խնայէին եւ կը վերադառնային Երկիր:
1898ին Սողոմոնին հայրը, երկրորդ թէ երրորդ անգամ ըլլալով, կը մեկնի գիւղէն եւ կ՛երթայ Սերպիա, ուր իր եղբօր հետ առեւտրական գործ հաստատած էր: Նախ եղբայրը կը վերադառնայ հայրենիք, իսկ 1905ին կարգը կու գայ Սողոմոնի հօրը:
Մեծ դէպք էր գիւղին համար պանդուխտի մը վերադարձը: Հարսանիքէն շատ աւելի կարեւորութիւն կը տրուէր սիլաճիի (ճամբորդ) դիմաւորութեան հանդէսին եւ տէնկերու (ծրար) պաշտօնական բացման: Պանդուրութենէն նուէրներ կը բերեր վերադարձողը բոլորին։
Զատիկին գիւղ պիտի հասներ Սողոմոնի հայրը: Աւագ Շաբաթ օր, կառապան մը երկու սնտուկներ կը բերէ, բայց սիլաճին չկար: Շուտով կ՛իմացուի թէ թուրքերը զինք բանտարկած են Տրապիզոնի մէջ․ նաւէն դուրս ելլելու ատեն: Ուրախութիւնը կը վերածուի լաց ու կոծի: Վեց ամիս Տրապիզոն բանտարկուած պահելէ ետք՝ Խաչատուր աղան կը վերադարձնեն Սերպիա:
Բայց, մեկնելէ առաջ, առիթ կ՛ունենայ տեսնուելու իր հայրենակից Միսաք Պոլոյեանի հետ եւ կը խնդրէ անկէ գիւղ երթալ եւ ընտանիքը փոխադրել Երզնկա:

Յետոյ կ՛իմացուի, որ Խաչատուր աղան ձերբակալուած էր, որովհետեւ 1898ին Տրապիզոնէն մեկնելու ատեն ռուսական նաւ առած էր, որուն համար իբրեւ կասկածելի անձ արձանագրած էին զինք:
1905-1906ի ձմրան, Սողոմոն Երզնկայի Բողոքականաց վարժարանը կը յաճախէ: Յաջորդ տարեշրջանին կ՛անցնի Եզնիկեան վարժարանը, մինչեւ 1911: Վերջին տարին ուսուցիչներու պակասի հետեւանքով, գրեթէ ամբողջ դասարանով, կը փոխադրուին Կեդրոնական վարժարան, ուր կը վերջացնէ ուսման շրջանը:
Պալքանեան պատերազմին, կարգ մը ուսուցիչներ կը ստիպուին զինուոր երթալու եւ հոգաբարձութիւնը նախակրթարանի առաջին դասարանը վարելու պաշտօնը կու տայ Սողոմոնին:
1913ին, վերջապէս, Սողոմոն իր 17 տարեկան հասակին կը տեսնէ իր հայրը: 1908ի սահմանադրութեամբ հայրը ազատօրէն կրնար Երկիր երթալ, բայց գործերու բերումով հինգ տարի կ՛ուշանայ: 1913 աշնան, Սողոմոն կը հեռանայ Երզնկայէն ու կ՛անցնի Սերպիա, ուր մտադիր էր պատրաստուելու, որ յաջորդ տարին Գերմանիա երթայ, ուսանելու: Բայց համաշխարհային առաջին պատերազմը ամէն բան տակն ու վրայ կ՛ընէ, բոլոր ծրագիրները ջուրը ձգելով:
Թեհլիրեան գերդաստանը Երզնկայի եւ Բագառիճ գիւղին մէջ, մինչեւ 1915ի սարսափի օրերը, կը համրէր 85 հոգի, բացի արտասահման, պանդխտութեան մէջ գտնուողներէն:

Այդ 85 հոգիէն միայն ու միայն Սողոմոնի մեծ եղբօր՝ Միսաքին մէկ աղջիկը կ՛ազատի: Երզնկա ռուսերու կողմէ գրաւուելէ ետք, քիւրտի մը մօտէն կը գտնեն, 12 տարեկան հասակին:
Սողոմոնի մայրը, երկու մեծ եղբայրներուն կիները իրենց զաւակներով, եղբայրը՝ Աւետիս, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկութեան ուսանող, կը զոհուին 1915ի կոտորածի օրերուն:
1914ի գարնան, գործի բերումով, Սողոմոնի հայրը եւ Սեդրակ եղբայրը Երզնկայէն անցած էին Սերպիա, փրկուելով ստոյգ մահէ:
Սողոմոնի հայրը կը մեռնի 84 տարեկանին, իսկ եղբայրները՝ Միսաք եւ Սեդրակ, իրենց պարագաներով կ՛ապրին Եուկոսլաւիոյ մէջ: Անոնք վերամուսնացած ու զաւակներու տէր եղած են եւ թոռներ իսկ հասցուցած:
Սողոմոն ամուսնացած էր Թիֆլիս հաստատուած երզնկացի Նշան Թաթիկեանի աղջկան՝ Անահիտին հետ: Թաթիկեան մօտիկ գործակիցը եղած է Երզնկացի Քեռիին (Շիշմանեան): Քաղաքին մէջ իր դիրքը վտանգուած ըլլալուն՝ խոյս կու տայ Երզնկայէն եւ կ՛անցնի Կովկաս 1895ի ատենները եւ կը հաստատուի Թիֆլիս ու հետագային կ՛ամուսնանայ Յակոբ Շաւարշի աղջկան հետ:
Թեհլիրեանի կողմէ Պերլինի մէջ Մարտ 15, 1921ին զգետնուած Թալաթի յուղարկաւորութիւնը կատարող հոճան, իր աղօթքէն ետք, ներկաներուն այս հարցումը կ՛ուղղէ․ «Ձեր ներկայութեան պառկող Թալաթ փաշան բարձր առաքինութեամբ լի մարդ մըն էր, ձեր մէջէն կա՞յ մէկը որ հակառակը ըսէ»:
Ու բոլորը «ոչ» կը պոռան:
Ոչ պիտի ըլլար, անշուշտ պատասխանը բոլոր տաճիկներուն: Բայց իրենց համար դժբախտաբար որ եղաւ նաեւ գերմանացիներուն պատասխանը:

Թալաթ փաշան սպաննելուն համար ամբաստանուած ուսանող Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ Պերլինի նահանգային Գ. դատարանի առջեւ, Յունիս 2-3 1921ին:
Յանցաւո՞ր է ամբաստանեալ Սողոմոն Թեհլիրեանը դիտաւորեալ կերպով մարդ մը սպաննած ըլլալու համար: «Ոչ», ըսաւ Օտտօ Ռայնիկէն, երդուեալներուն գլխաւորը, արժանանալով սրահին ծափահարութիւններուն:
Դատաւորը հաստատեց որոշումը ազդարարեց հետեւեալ դատավճիռը. «Ամբաստանեալը անպարտ կ՛արձակուի պետական սնտուկին հաշւոյն», արժանանալով սրահին ծափահարութիւններուն:
Ամբաստանեալին շնորհաւորեցին իր պաշտպանները, հայրենակիցները եւ ներկայ հասարակութիւնը։