
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Առաւել քան 2 շաբաթէ ի վեր առանց ջուրի, ուտելիքի եւ վառելանիթի մնացած ու շրջափակման մէջ գտնուող Ուքրանիոյ Մարիոփոլ քաղաքին մէջ տակաւին բազմաթիւ հայեր կը մնան, Չորեքշաբթի օր յայտնեց Ուքրանիոյ հայերու միութեան փոխնախագահ Դաւիթ Մկրտչեան, որ աւելցուց, թէ միայն փոքր թիւով հայեր կրցած են հեռաբալ քաղաքէն, որովհետեւ մարդասիրական միջանցքներ չկան:
«Այսօր 4 ինքնաշարժներով հայ է դուրս եկել: Նրանք հիմա գտնւում են Բերդեանսկ քաղաքում եւ այնտեղից շարունակում են իրենց երթը դէպի Զապորոժիէ կամ Դնեպր քաղաք», ըսաւ Մկրտչեան՝ աւելցնելով․ «Մեր ընկերը երկու օր առաջ է այնտեղից դուրս եկել եւ սարսափելի դէպքեր էր պատմում, որ ձիւնը հալում է ասֆալտի վրայ եւ այդ ջուրն է ժողովուրդը խմում, որովհետեւ ուրիշ հնարաւորութիւն չունեն»:
Ուքրանիոյ տարածքին կարիքաւորներուն օգնութեան կը հասնին նաեւ Ուքրանիոյ հայերու միութեան անդամները, որոնք արդէն 15 բեռնատարներով օգնութիւն բաժանած են եւ կը պատրաստուին քանի մը բեռնատար օգնութիւն բաժնել, կ՛ըսէ Մկրտչեան, աւելցնելով, որ հայ անհատներ եւս տաք ուտելիք կը բաժանեն մարտերու մասնակցողներու եւ կարիքաւոր քաղաքացիներու:
Հայաստանէն նման օգնութիւն կ՛ակնկալեն, բայց հիմա իրենց յոյսերը կտրած են:
«Ուկրաինական հայ համայնքը 44օրեայ պատերազմի ընթացքում պետութեան ու ժողովրդի կողքին էր, օգնում էին այն ամէնով, ինչի կարիքը կար, բայց հիմա հայ համայնքն է օգնութեան կարիքի մէջ», յայտնեց Մկրտչեան:
Ըստ Ուքրանիոյ հայերու միութեան տուեալներուն` պատերազմին պատճառով զոհուած հայերու թիւը հասած է 15ի, որոնցմէ 5ը զինուորական, իսկ մնացեալը՝ քաղաքայիններ էին: