ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ռուս-ուքրանական պատերազմին ընթացքին քանի մը ղեկավարներ խնդրայարոյց յայտարարութիւններ ըրին՝ քաոսային իրավիճակէն օգտուելու եւ իրենց սեփական օրակարգերը յառաջ մղելու համար…
Այն պահուն, երբ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան տեղեկացաւ, թէ Ուքրանիոյ կառավարութիւնը խնդրած է «անյապաղ միացում» Եւրոպական Միութեան (ԵՄ), նոյն այդ խնդրանքով ան եւս դիմեց Թուրքիոյ համար:
Էրտողան կեղծաւորութեամբ ըսաւ. «Մենք բարձր կը գնահատենք Ուքրանիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հասնելու ջանքերը: Բայց ես պիտի հարցնեմ Եւրոպական Միութեան անդամներուն՝ ինչո՞ւ ձեզ կ՛անհանգստացնէ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան»: Ան կոչ ուղղեց Եւրոպական Միութեան՝ թրքական խնդրանքին ցուցաբերելու Ուքրանիոյ նման «նոյն նրբազգացութիւնը», ապա լկտիաբար քննադատեց Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները՝ «անկեղծ չըլլալնուն համար»:
Էրտողան թեթեւամտօրէն հարցուց. «Կ՛ընդգրկէ՞ք Թուրքիան ձեր օրակարգին մէջ, եթէ մէկը յարձակի նաեւ մեր վրայ»: Ապա դժգոհեցաւ. «Ինչո՞ւ չէք տար անհրաժեշտ ռազմական սարքաւորումները Թուրքիոյ»… Որպէսզի յարձակի եւ սպաննէ աւելի՞ մեծ թիւով մարդ եւ գրաւէ աւելի՞ շատ երկիրներ…
Թուրքիա Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմում ներկայացուց 1987ին, եւ 1999ին պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ իբրեւ անդամակցութեան թեկնածու, սակայն անդամակցութեան գծով անոր բանակցութիւնները, որոնք սկսած են 2005ին, կասեցուած են Կիպրոսի կառավարութեան առարկութիւններուն պատճառով՝ 1974ին Թուրքիոյ կողմէ Հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւման ի իբրեւ հետեւանք: Գերմանիա եւ Ֆրանսա նոյնպէս դէմ արտայայտուած են Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան:
Նոյնիսկ Ուքրանիոյ պարագային, հակառակ այդ երկրին հանդէպ համակրանքին, երկար ժամանակ կը պահանջուի Եւրոպական Միութեան հետ անոր բանակցութիւններու աւարտման եւ տնտեսական ու քաղաքական անհրաժեշտ բարեփոխումներու կատարման, մինչեւ որ երկիրը Եւրոպական Միութեան անդամակցելու չափանիշներուն համապատասխանէ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը շատ աւելի հեռու է, եթէ, անշուշտ, անիկա երբեւէ տեղի ունենայ: Թուրքիա չի համապատասխաներ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան չափանիշներուն: Օրինակ, Թուրքիա ունեցած է ռազմական քանի մը յեղաշրջում եւ յեղաշրջման փորձեր՝ իբրեւ ամբողջացում իր հակաժողովրդավարական վարչակարգին, որ, իրականութեան մէջ՝ բռնապետակա՛ն է: Թուրքիա խախտած է մարդկային իրաւունքներու գրեթէ բոլոր օրէնքները, անոնց շարքին՝ լրագրողներու զանգուածային բանտարկութիւն, ազատ մամլոյ փակում, աջակցութիւն իսլամական ահաբեկիչներու, քիւրտերու ջարդ, քրիստոնէական եկեղեցիներու պղծում, Հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւում, ռազմական միջամտութիւն Սուրիոյ, Հիւսիսային Իրաքի եւ Լիպիոյ մէջ, օգնութիւն Ատրպէյճանին՝ Արցախը բռնագրաւելու համար եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռները գործադրելու մերժում:
Եւրոպական Միութեան կարենալ անդամակցելու համար, Թուրքիա նախ պէտք է վերանայի իր ամբողջ սահմանադրութիւնն ու օրէնքները, որպէսզի դառնայ ժողովրդավարական երկիր, ազատ արձակէ բանտարկուած տասնեակ հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներ, դադրի ահաբեկիչներու աջակցելէ, ընդունի եւ իրագործէ մարդկային իրաւանց եւրոպական չափանիշները, վերականգնէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, դուրս գայ Հիւսիսային Կիպրոսէն, ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցէ հայկական կորուստները:
Էրտողան երկչոտութեամբ հարցուց, թէ արդեօք Թուրքիոյ պարագան եւս կը քննարկուի՞ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար, «եթէ ոեւէ մէկը յարձակի նաեւ մեր վրայ». իրականութեան մէջ, ոչ ոք յարձակած է Թուրքիոյ վրայ, այլ՝ ընդհակառակն, Թուրքիա յարձակած է բազմաթիւ այլ երկիրներու վրայ:
Դժբախտաբար, ուքրանացի ժողովուրդին ողբերգական տառապանքը, ռուսական պատերազմին ընթացքին, եզակի երեւոյթ մը չէ: Պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած են նման դաժան բազմաթիւ պատերազմներ եւ զանգուածային սպանութիւններ: Կարելի չէ մոռնալ 1915էն 1923, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն ընթացքին զոհուեցան 1.5 միլիոն հայեր. 1974ին, Թուրքիոյ՝ Հիւսիսային Կիպրոս ներխուժումը եւ բռնագրաւումը, որ դեռ կը շարունակուի մինչեւ օրս. Թուրքիոյ արշաւանքը Հիւսիսային Սուրիա, իսկ 2020ին, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շղթայազերծած պատերազմը Արցախի դէմ՝ պատերազմական բարբարոսական յանցագործութիւններ կատարելով, մինչ աշխարհը լուռ կը դիտէր, երբ կը ռմբակոծուէին հիւանդանոցներ, դպրոցներ, բնակարաններ, կը մորթուէին կիներ ու մանուկներ: Չկային պատժամիջոցներ Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի դէմ, չկար վայրագութիւններու մասին լրատուական միջոցներու 24ժամեայ լուսաբանութիւն եւ չկար ռազմական կամ տնտեսական որեւէ օգնութիւն՝ Հայաստանին ու Արցախին:
Այժմ անցնինք թուրք քաղաքական ղեկավարներու երկու անսպասելի յայտարարութիւններու: Թրքական ազգայնական «Մեծ միասնութիւն» կուսակցութեան գլուխը՝ Էրտողանի կառավարութեան դաշնակից Մուսթաֆա Տեսթիչի, զգուշացուցած է, որ Ուքրանիայէն ետք Ռուսիա թիրախ պիտի դարձնէ Կարսն ու Արտահանը՝ Արեւմտեան Հայաստանի երկու քաղաքները, որոնք բռնագրաւուած են Թուրքիոյ կողմէ: «Եթէ դուք հետագային Ռուսիան տեսնէք մեր սահմաններուն վրայ, չզարմանաք», ըսած է թրքական կուսակցութեան առաջնորդը:
Նմանապէս, ընդդիմադիր թրքական «Լաւ» (IYI) կուսակցութեան նախագահ Մերալ Աքշեներ յայտարարած է. «Ո՞վ կրնայ պնդել, որ Թուրքիա ապահով է: Ո՞վ կրնայ ըսել, որ Փութինի միտքին մէջ չկան Կարսը, Արտահանը եւ Էրզրումը (Կարինը)»: Ակնյայտօրէն, ասոնք ամպագոռգոռ յայտարարութիւններ են: Ռուսիա նման մտադրութիւններ չունի: Ընդհակառակն, Ռուսիա կը փորձէ Թուրքիան դուրս հանել ՆԱԹՕէն: Այսուամենայնիւ, այս երկու յայտարարութիւնները կարեւոր օգուտ ունին հայկական կողմին համար. անոնք կը յիշեցնեն թուրք բնակչութեան, թէ Կարսը, Արտահանը եւ Էրզրումը (Կարինը) վիճելի քաղաքներ են, որոնք չեն պատկանիր Թուրքիոյ: Անոնք Արեւմտեան Հայաստանի մէկ մասն են:
Վերջապէս, ահա՛ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի՝ այս մասին սկիզբը կատարած ուշագրաւ յայտարարութիւնը, զոր ան հնչեցուց ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց խորհուրդին մէջ. «Տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու սկզբունքը կը վերաբերի միայն այն պետութիւններուն, որոնց կառավարութիւնները կը ներկայացնեն իրենց տարածքին մէջ ապրող ամբողջ ժողովուրդը»:
Թէեւ Լաւրով նկատի ունէր ՄԱԿի 1970ի հռչակագիրը՝ Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիա ներխուժումը արդարացնելու համար, ըստ երեւոյթին, սակայն, ան մոռցած է, որ իր մէջբերած սկզբունքը կը վերաբերի նաեւ արցախահայութեան: Լաւրով կը պնդէր, որ Ուքրանիոյ կառավարութիւնը չի ներկայացներ ուքրանական պետութեան տարածքին մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդները: Եթէ Լաւրով այսպէս կը մտածէ, ապա Ռուսիա պէտք է ընդունի, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը եւս չի ներկայացներ Արցախի տարածքին մէջ ապրող հայերը: Հետեւաբար, Ռուսիա պէտք է յայտարարէ, որ կ՛աջակցի Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ