ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Միջազգային արդարադատութեան դատարանը, քննարկելէ ետք Ռուսիոյ դէմ Ուքրանիոյ ներկայացուցած բողոքը, Ռուսիոյ հրամայեց Ուքրանիոյ վրայ յարձակումը անմիջապէս դադրեցնել։
Ուքրանիոյ ներխուժումը տակաւին իբրեւ «զինուորական յատուկ գործողութիւններ» ներկայացնող Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, իր կարգին, յայտարարեց. «Ուքրանիոյ մէջ Աւստրիոյ կամ Շուէտի օրինակով սեփական բանակի հետ ապառազմականացուած երկիր ստեղծելու գաղափարը կրնայ իբրեւ փոխզիջում նկատուիլ», ակնարկելով Ուքրանիոյ հետ Ռուսիոյ բանակցութիւններուն, որոնք կը շարունակուին առցանց:
Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի տնօրէնի խորհրդական եւ Ռուսիոյ հետ բանակցող ուքրանական պատուիրակութեան անդամ Միխայլօ Փոտոլիաք յայտարարեց, որ իր երկիրը կը մերժէ Շուէտի կամ Աւստրիոյ օրինակով չէզոք ըլլալ: «Ուքրանիա ներկայիս Ռուսիոյ հետ ուղղակի պատերազմի վիճակի մէջ է, առ այդ, ուքրանական բնորդէն բացի այլ բնորդ չի կրնար ըլլալ, եւ այդ ալ բացառապէս իրաւական կերպով ամրագրուած ապահովական երաշխիքներ տալով, եւ չի կրնար այլ ընտրանք ըլլալ», ըսաւ ան:
Նաեւ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը միաձայնութեամբ որդեգրեց բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ՝ հետաքննելու Ռուսիոյ կառավարութեան եւ անձամբ նախագահ Վլատիմիր Փութինի պատերազմական ոճիրները: Բանաձեւը խստօրէն կը դատապարտէ «բռնութիւնը, պատերազմական ոճիրները եւ մարդկութեան դէմ ոճիրները», որոնք, ըստ նախագիծի հեղինակներուն, գործուած են Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ զինեալ ուժերուն կողմէ՝ Փութինի ղեկավարութեամբ:
Նշենք, որ նախագահ Ճօ Պայտըն եւս «պատերազմական ոճրագործ» որակեց Փութինը, բան մը, որ Հինգշաբթի օր անընդունելի որակուեցաւ Քրեմլինի կողմէ։
Պայտըն նաեւ յայտարարեց, թէ Ուաշիկթըն յաւելեալ 800 միլիոն տոլարի ինքնապաշտպանութեան զէնքեր սկսած է տրամադրել Ուքրանիոյ։
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւնները դժուար կ՛ընթանան, սակայն «փոխզիջումի որոշ յոյսեր կան»՝ նշելով, որ իր մօտ նման կարծիք ձեւաւորուած է՝ հիմնուելով ռուսական պատուիրակութեան անդամներու գնահատականներուն վրայ:
«Նման գնահատականներ կը հնչեցնեն նաեւ ուքրանական պատուիրակութեան որոշ անդամներ, ներառեալ նախագահ Զելենսքիի աշխատակազմի աշխատակիցները», ըսաւ ան:
Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքի իր կարգին երեքշաբթի գիշեր հեռարձակուած ուղերձին ընթացքին յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները դժուար կ՛ընթանան, սակայն անոնք կարեւոր են, որովհետեւ որեւէ պատերազմ համաձայնագիրով կ՛աւարտի:
Մինչ այդ, Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Նիքոլայ Փաթրուշեւին կոչ ուղղած է՝ «անմիջապէս դադրեցնելու յարձակումները, եթէ Ռուսիան երկխօսութեան նկատմամբ լուրջ է»՝ զգուշացնելով «Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ կողմէ քիմիական կամ կենսաբանական զէնքերու օգտագործման հետեւանքներէն»:
Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի»ն հաղորդեց, որ Ռուսիոյ ազգային պահակագունդը իր պաշտպանութեան տակ առած է Ուքրանիոյ Քախովսքայա հիւլէական ուժանիւթի կայանը։
Ռազմական գետնի վրայ, Հինգշաբթի օր վերապրողներ սկսած են դուրս բերուիլ հարաւային Մարիոփոլ քաղաքի թատերասրահի աւերակներուն տակէն։ Առաւել քան հազար քաղաքացիներու կողմէ իբրեւ ապաստանարան գործածուող սրահը մէկ օր առաջ ռուսական ռմբակոծումի թիրախ դարձած էր։ Կը հաղորդուի, որ միայն շրջափակուած այդ քաղաքին մէջ ցարդ սպաննուած են 2300էն աւելի քաղաքայիններ։ Հոնկէ ցարդ կրցած են դուրս գալ մօտաւորապէս 30,000 քաղաքայիններ, իսկ ըստ ՄԱԿի տուեալներուն, Ուքրանիայէն հեռացած են աւելի քան 3 միլիոն գաղթականներ։