
ՇԱՔԷ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Շաքէ Գասապեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 5 Մարտ, 2022ին, կաթուածի հետեւանքով:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 23 Մարտ 2022ին, կէսօրէն ետք ժամը 2:30ին, Glendale Forest Lawn գերեզմանատան Church of the Recessional մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերրեզմանատան մէջ, 1712 S. Glendale Ave., Glendale, CA 91205։
Սգակիրներ՝
Որդին՝ Արա Գասապեան
Դուստրը՝ Անի Գասապեան Օլէրի ու ամուսինը՝ Նէյթ
Թոռը՝ Գրէյս Օլէրի
Քոյրը՝ Ալիծ Չալեան
Եւ համայն Մոմճեան, Չալեան, Պաղտասարեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Օգնութեան Միութեան (Armenian Relief Society Western Region ):
ՇԱՔԷ ԳԱՍԱՊԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։