5 Մարտ 1927ին լոյս տեսաւ «Ազդակ»ի առաջին թիւը։ Այդ օրէն ի վեր, թերթը դարձաւ լիբանանահայութեան համար եւ անոր մասին տեղեկութիւններու կենսական աղբիւր եւ հաղորդակցութեան, կարծիքներու փոխանակման ու վերլուծումի կարեւոր հրապարակ մը, իսկ կարճ ժամանակ ետք՝ դարձաւ համայն Սփիւռքի կեանքին անբաժանելի մէկ մասը։
Այս անկիւնադարձային հանգրուանին, «Ասպարէզ»ը կը շնորհաւորէ «Ազդակ»ի 95րդ տարեդարձը եւ կ՛ողջունէ տասնամեակներու ընթացքին գոյացած երկու թերթերուն միջեւ սերտ գործակցութիւնը։
Իր պատմութեան 114 տարիներուն մեծ մասին ընթացքին, «Ասպարէզ»ը՝ իբրեւ ՀՅԴի մամլոյ մեծ ընտանիքի անդամ, մօտիկ կապեր ունեցած է «Ազդակ»ի հետ, անկէ քաղելով Լիբանանի հայութեան եւ այդ երկրի քաղաքական բարդ կեանքին մասին տեղեկութիւնները, զանոնք փոխանցելով իր ընթերցողներուն։

Իր տեղեկատուական սպասարկութիւններուն կողքին, «Ազդակ»ը նաեւ հայ մտաւորականերու եւ յօդուածագիրներու կարեւոր հաւաքավայր մըն էր, ուրկէ ծնունդ կ՛առնէին Սփիւռքը եւ հայութիւնը յուզող վերլուծական եւ հեղինակաւոր գրութիւններ։ Տասնամեակներով թերթը նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան սկզբունքերուն, գաղափարներուն եւ առաքելութեան մասին տեսակէտներ ազատօրէն արտայայտելու բեմը հանդիսացած էր։
Յատկապէս Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, «Ազդակ»ը տեղեկատուական հիմնական աղբիւրը հանդիսացած էր ճգնաժամային պահեր ապրող լիբանանահայութեան համար, սակայն աւելի կարեւոր էր այն իրողութիւնը, որ թերթը նաեւ յաջողած էր ի մի բերել ընկերային-քաղաքական բարդ իրավիճակներէ անցնող համայնքը։
Լիբանանահայութեան հայելին հանդիսացող «Ազդակ»ը նաեւ Հայկական Սփիւռքի փորձառութեան մեկնաբանը եղած է։
Այս առիթով, «Ասպարզ»ի խմբագրութիւնը կը շնորհաւորէ «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը եւ թերթին նուիրեալ անձնակազմը, որոնք երբեմն նոյնիսկ վտանգաւոր պայմաններու մէջ կը շարունակեն սպասարկել լիբանանահայութեան եւ իրենց նպաստը կը բերեն հայութեան ազգային իղձերը իրականացնելու՝ համայն հայութեան ջանքերուն։