
ՊԷՅՐՈՒԹ․- 3 Մարտի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի 45րդ առցանց լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայ-թուրք երկխօսութեան գործընթաց. վիճելի եւ համաձայնելի կէտեր, հեռանկարներ», իսկ դասախօսը` ցեղասպանագէտ, Քոլոմպիա համալսարանի դասախօս դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան: Առցանց լսարանը վարեց «Ազդակ»ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դասախօսը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց նախորդող շուրջ 10-15, մասնաւորապէս վերջին քանի մը տարիներուն հայ-թուրք յարաբերութիւններուն վերաբերող շրջագիծը եւ անոնց վերաբերող իրավիճակը: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները եւ հայ-թրքական յարաբերութիւնները տարբեր հարթակներու վրայ են, անոնց վերաբերող տարբեր պատկերացումներ ու մօտեցումներ կան, թէեւ խորքին մէջ այս երկուքը անքակտելիօրէն փոխկապակցուած են, եւ կարելի չէ պատկերացնել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները` առանց մտածելու ազգային համընդհանուր շահերուն մասին, սակայն փաստ է այն, որ Հայաստանի մէջ, յատկապէս վերջին երկու տարիներուն, կարելի է խօսիլ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մասին այլ ձեւաչափով եւ անոնց մասին մտածել այլ հարթակի վրայ:

Խ. Մուրատեան խօսեցաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն գծով հանրային կարծիքի, խօսոյթի, հանրաքուէներու եւ հարցախոյզերու մասին, որոնք յատկապէս ի յայտ կու գան, երբ այս կապերուն վերաբերող զարգացում մը կ՛արձանագրուի, եւ անոնք լուսարձակի տակ կու գան: Ան շեշտեց, որ պէտք է այս բոլորին նկատմամբ զգուշաւոր մօտեցում ցուցաբերել, որովհետեւ թէ՛ թրքական եւ թէ հայկական իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող պատկերացումները եւ մօտեցումները առարկայական եւ շօշափելի տուեալներու վրայ չեն հիմնուած․ անոնց վերլուծումը փթացնող արտայայտութիւններ եւ կարգախօսներ կրնան ըլլալ, սակայն պէտք չէ ներառուին մասնագիտական վերլուծման մէջ: Դասախօսը շեշտեց, որ վերլուծում ընելու եւ պատկերացումներ կազմելու համար անհրաժեշտ է բաւական լայն դիտանկիւնէ մօտենալ հարցերուն, սերտել ամէն տուեալ ու մանրամասնութիւն` իրողութիւններէն մեկնելով եւ անոնց վրայ հիմնուելով:
Դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին, Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ անոնց ազդեցութեան` հայ-թուրք յարաբերութիւններուն եւ ընդհանրապէս այսօրուան մեր խօսոյթին վրայ: Ան դիտել տուաւ, որ մենք Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը նոյնացնենք հաւաքականութիւններուն մէջ ամբողջ մտայնութեան մը, քաղաքական աշխարհահայեացքի փոփոխութեան հետ, սակայն, այլ օրինակներէ մեկնած կրնանք ըսել, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումով ամբողջ աւանդութիւն մը, մտայնութիւն մը պիտի չփոխուի, այլ անիկա պիտի ըլլայ այս փոփոխութեան լոկ սկիզբ տուող կայծը:
Ըստ անոր՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւները ընդհանրապէս կարելի չէ դիտել իբրեւ կախարդական փոփոխութիւն յառաջացնող երեւոյթ, նաեւ կարելի չէ շատ բան ակնկալել Ցեղասպանութիւն ճանչցող բանաձեւերէն, սակայն պէտք է գիտակցիլ, որ փուլային ձեւաչափը մաս կը կազմէ այս բոլորին, իսկ այդ տարիներու կը կարօտի եւ ժամանակի ընթացքին ի յայտ կու գայ:
Առցանց լսարանին ընթացքին դոկտ. Մուրատեան լուսարձակի տակ առաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն ուղղակի կապ ունեցող առանց նախապայմաններու կապեր հաստատելու հարցին, զոյգ հաւաքականութիւններուն մէջ այս նիւթին վերաբերող խօսոյթներուն եւ պաշտօնական մակարդակի վրայ անոնց առկայութեան` նշելով, որ անցնող երկու տասնամեակներուն մենք քանիցս այս իրավիճակին դէմ յանդիման գտնուած ենք, սակայն պետական եւ լուրջ մակարդակի վրայ պէտք եղած աշխատանքը չէ կատարուած, այդ պատճառով ալ միշտ լօզունգն է տիրողը: Դասախօսը կարեւոր նկատեց այս գործընթացներուն մէջ մտաւորականներու եւ գիտնականներու ներգրաւումը, անոնց կարծիքը, մտածումները ու կեցուածքը գիտնալը եւ նկատի առնելը: Ան նաեւ անհրաժեշտ սեպեց փոխադարձ վստահութեան վերաբերող քայլերուն մէջ իսկականը եւ ձեւականը զանազանել եւ ըստ այնմ արժեւորել: Ըստ անոր՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ իր դերը ունի նաեւ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը եւ անոր կեցուածքներուն որոշ մեղմացումը, յատկապէս արցախեան 44օրեայ պատերազմէն ետք, որովհետեւ Թուրքիա միշտ կը շեշտէ, որ ինք մնայուն կերպով կը դիմէ Ատրպէյճանի կարծիքին եւ անոր հետ կը խորհրդակցի:
Եզրակացնելով` դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան յայտնեց, որ արցախեան պատերազմէն եւ Ուքրանիոյ դէպքերէն ետք ստեղծուած կացութենէն մեկնած, յատկապէս արցախեան պատերազմի լոյսին տակ, Հայաստանի եւ հայութեան մէջ տիրող իրավիճակը մէկ օրէն միւսը պիտի չփոխուի. թէեւ ծանր է վիճակը, սակայն պէտք չէ յուսալքուիլ եւ թուլնալ, նաեւ այս բոլորին մէջ իւրաքանչիւր հայ պէտք է նաեւ ինքն իրեն հաշիւ տայ եւ պատասխանատուութեան զգացում ունենայ: Ան շեշտեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր յաջորդող արհաւիրքէն ետք, այսօր մենք կը գտնուինք ամէնէն մեծ ու ցնցիչ իրականութեան դէմ յանդիման` իբրեւ երկիր, ժողովուրդ եւ ազգ, սակայն պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ արհաւիրքէն ետք կարելի է վերականգնիլ, պետութիւն ստեղծել, առ այդ, այսօր եւս յուսալքումէ, դատապարտումներէ անդին պէտք է երթալ, եւ իւրաքանչիւրս իր դերակատարութեան անդրադառնայ` այս իրավիճակի փոփոխութեան առումով:
Դասախօսութեան յաջորդեց քննարկում եւ միտքերու փոխանակում, նաեւ ուղղուեցան հարցումներ: