ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Գոյութիւն ունի՞ բառ մը, որ հիւլէի չափ աննշան ըլլայ, կամ՝ անոր չափ իսկ արժէք չունենայ: Երբ աշխարհի յառաջատար նախագահները իրենց մամլոյ ասուլիսներուն մէջ «հիւլէ» բառը վերարծարծելու սկսան իբրեւ սպառնալիք, ես ալ որոշեցի հրապարակաւ խօսիլ այդ անտեսանելի, աներեւոյթ էութեան մասին, որ իր անունով իսկ կը սարսափեցնէ մարդ արարածը: Յօդուածի հեղինակս, յարգելի ընթերցող, ո՚չ տարրագէտ է, ոչ ալ դիւանագէտ, ուստի լիազօրուած չէ հիւլէներու հզօրութեան կամ ապահովութեան վերաբերեալ հրապարակում կատարելու, սակայն լոկ իբրեւ հայոց լեզուի սիրահար՝ ան կը փափաքի հայկական գրականութեան խաղաղասէր «հիւլէ»ներու համադրութիւն մը կատարել ու ձեզի ներկայացնել զանոնք, գէթ ցոյց տալու նպատակով, որ հելլենածին այդ բառը քնարասէր բնաւորութիւ մըն ալ ունի:
«Հիւլէ»ն իմաստասիրական աշխարհ մուտք գործեց առաջին անգամ, երբ Արիստոտել զայն առաջադրեց որպէս տիեզերքի հիմնադիր տարրը, կարելի է ըսել՝ ատաղձը: Իմաստասէրին հիմնաւորումը գիտական չէր, այլ՝ իմաստասիրական եւ աստուածաբանական: Հելլենական եզրը՝ հիւլի կամ իւլի, կը նշանակէ «ատաղձ, գերան, փայտ, նիւթ, նախանիւթ, տարր, անտառ: Այլ լեզուներու մէջ ալ տեսանելի է անիկա. արաբերէնի մէջ՝ հայիւլ, դասական ասորերէնի՝ հիւլա, հիլա, դասական պարսկերէնի՝ հայիւլէ, իսկ լատիներէնի՝ հիւլէ:
Արիստոտելէն հազար տարի ետք, հայոց Ոսկեդարուն, բառս գրաւոր հայերէնի ծիրէն ներս սկսաւ պտըտելու, նախ որպէս «հիւղէ», ապա՝ «հիւլէ»: Ըստ երեւոյթին, ելեկտրամագնիսական ուժով է ան միացած մեր լեզուին, քանզի մինչեւ այսօր ան կ՚ոլորտի գրական ասպարէզի մէջ: Ահա մատենագրութեան էջերէն ներս տեղ գտած անոր հնագոյն երկու շողարձակումները. «Պարուրելով եզերք ծովուն զհիւղէն», «Ի չքաւոր բնութիւնն հիւղեայ»: Միջնադարու հայ աստուածաբան վանականները, ինչպէս Վարդան Արեւելցի, մերժեցին Արիստոտելի «հիւլէական» տեսութիւնը ու ըսին. «Աստուած արար զաշխարհս՝ ոչ ՛ի հիւլէէ, այլ բանիւ յոչէից գոյացոյց»: Գրիգոր Նարեկացի վանականը ունէր այլ մտահոգութիւն. ինչպէ՞ս գրի առնել իր բոլոր մեղքերը, երբ տիեզերքի հիւլէներու չափ բազմաթիւ են անոնք. «Գրեմ զպարտուցս սակ անձինս մեղաց, քան զհիւղ երկր»ջ:
Հիւլէ բառը չեղաւ բազմածին: Այդ միջուկէն լոկ աննշան գոյացան երկու ածականներ՝ «հիւլէական» եւ «հիւլէանման», ու երկու գոյականներ՝ «հիւլէագէտ» եւ «հիւլէաբան»: Հիասթափութիւն մը իսկական: Իսկ «հիւլէանալ» բայը, որ կրնար փոխաբերական փայլուն պատկերներու ծնունդ տալ, մնաց ինքն իր մէջ ամփոփուած: Չունեցանք սիրահար բանաստեղծ մը, որ փոքրանար, համեստանար, «հիւլէանար» բնութեան հրաշքներուն առջեւ, կամ՝ իր սիրածին ըսէր, թէ յօժար էր «հիւլէանալու», միայն, թէ արժանանար անոր սիրուն տեսքին:
«Հիւլէ» բառը ներգործեց մեր մայրենիին: Ան իր ծիրին մէջ յաջողեցաւ առնել քանի մը բառ, որոնք, ինչպէս յիշեցի, կը սպառնան մարդկութեան: Հայու միտքը, մամուլը եւ մտահոգութիւնը այժմ կը պարունակեն «հիւլէական» զէնք, սպառնալիք, ահաբեկչութիւն եւ մրցակցութիւն: Պատճա՞ռը??? Աշխարհի յառաջատար առաջնորդները, ինչպէս Ռ. Քենըտին, որ կէս դար առաջ կոչ ուղղեց՝ «ամբողջական պայքարի մը ձեռնարկելու, արգիլելու համար հիւլէական զէնքերու ընդհանրացումը աշխարհի ամէն կողմ», քննադատեց Ֆրանսայի նախագահ Տը Կոլի «հիւլէական ինքնագլուխ քաղաքականութիւնը» եւ անպատասխանատու անձեր անուանեց այն նախագահները, որոնք «հիւլէական սուրը սպառնալիքի համար» կը գործածեն, վերջապէս՝ աշխարհին քարոզեց «հիւլէական հաւասարակշռութիւն» ունենալ (Հայրենիք, Ուրբաթ, 15 Հոկտեմբեր 1965):

Իրաւունք ունիք: Ես ձեզի խոստացած էի ցոյց տալ «հիւլէ» բառի արուեստասէր երեսը: (Այդ մէկը կատարելու համար, հիւլէական մանրադիտակ մը պէտք էր ունենալ, որպէսզի տեսանելի դառնային անոր գրական ցոլքերը): Ահաւասի՛կ արդիւնքը. 20րդ դարը, որ յայտնի է իբրեւ «հիւլէական դար», «հիւլէ» բառին համար բերրի եղաւ. նախ, հայկական գրատպութեան մէջ անիկա փայլեցաւ իբրեւ գիրքի անուն. «Հիւլէ»՝ 1906, Գահիրէ, «Հիւլէն»՝ 1915, Պոլիս: 1946 թուականին, հիւլէական մրցակցութեան մաս կազմեցին Ս. Ղազարի խաղաղասէր վարդապետները, երբ լոյս ընծայեցին 1905ին Կարնոյ Կիսկիմ գաւառակի Կարմրիք գիւղը ծնած եւ 1919-1924 թուականներուն «Մուրատ-Ռափայէլեան»ի մէջ Մխիթարեաններու սան դարձած տարրաբան Սերոբէ Եղիկեանի «Հիւլէական Ռումբ» մենագրութիւնը:
«Հիւլէ» բառը քանի մը հետք ձքեց նաեւ հայկական քնարերգութեան մէջ: Նախ Սիամանթօն համարձակեցաւ անոր մօտենալ: Բանաստեղծի գրիչէն խօսեցաւ սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը, որ աղօթքի նստած՝ խոստովանեցաւ. «Ես՝ անքանքար քննիչ եւ անբերրի հիւլէ»: Դանիէլ Վարուժանը բառին տուաւ ազգային դիմագիծ, երբ ափ մը կարմիր հողի մէջ տեսաւ Հայկը. «Կարմիր Հողը.- Իր մէջ կը կայծկլտայ հոգի մ՛հին՝… Հիւլէ մը կայ Հայկէն»: 1919 թուականին, Աւետիք Իսահակեան բախտն ունեցած էր Զուիցերիա ճամբորդելու: Լիւցեռն քաղաքի գեղեցկութի՞ւնն էր պատճառը… «վարպետը» արտադրեց «հիւլէափայլ» տողիկներ. «Մենք հիւլէ էինք մի զգացումով, մի կամքով, յաւերժութեան սկզբից ծնուած միասին, ձուլուած մի հոգու մէջ… / Մեր հոգիները՝ հիւլէական գոյութիւնից մինչեւ այսօր եւ մինչեւ յաւիտեան»: Պարոյր Սեւակ նկարագրեց 20րդ դարը՝ զայն կոչելով «բանական», «խելաքար», «էական» ինչպէս նաեւ «հիւլէական»: Բանաստեղծութեան անո՞ւնը… Անորոշութի՛ւն: Համօ Սահեանի համար անբեկանելի էր հայու ոգին ու ո՛չ մէկ ռումբ կրնար անոր սպառնալ. «Դեռ մխալու է վէրքը նայիրեան… Ի՛նչ հողմ ու հրդեհ, հրթիռ ու հիւլէ, / Ամուր է հոգու բերդը նայիրեան»: Յարգելի ընթերցող, յիշեցնեմ, թէ Խորհրդային Հայաստանի մէջ «հիւլէ» բառի ուղղագրութիւնը կրեց հիմնական փոփոխութիւն: Սեւակները եւ Սահեանները զայն ճանչցան որպէս «հյուլե»:
«Հիւլէ» բառը կը շարունակէ մնալ հայ գրիչի ծիրին մէջ: Յակոբ Ճոլոլեան-Սիրունի իմաստասիրեց. «Մարդ որքան ալ համոզուած ըլլայ թէ, այս խորհրդաւոր տիեզերքին մէջ ինք չքանալու դատապարտուած հիւլէ մըն է, այնուամենայնիւ կը մաքառի պահ մը աւելի տեւելու»: Յակոբ Տիւնեայեան նկատեց Ինտրայի եւ Այվազովսքիի միջեւ կապ մը՝ «Բանաստեղծ եւ արձակագիր, փիլիսոփայ եւ գեղանկարիչ Ինտրայի մէջ կայ հիւլէ մը Յովհաննէս Այվազովսքիէն, ծովու անսահմանութեան սուզուելու, անոր անձնատուր ըլլալու անբացատրելի կիրք մը», իսկ Թորգոմ եպիսկոպոս Տօնոյեան յայտարարեց? «Սփիւռքը՝ հսկայ, մեծ ու վիթխարի, բայց՝ հիւլէ մը փոքրիկ, աննշմարել»ջ: Վերջապէս, Երան Գույումճեան պատգամեց երկիւղ ունենալ հողի հանդէպ. «Զգո՛յշ դպիր հայոց հողին, / Հիւլէ՛-հիւլէ՛ ան մասունք է»:
Մենք հիւլէներու տիեզերք մըն ենք, ինչպէս նաեւ հիւլէ մը տիեզերքի մէջ՝ մանրափոշի աննշան… Ինչպէս Հրաչեա Թամրազեան բացատրեց, թէ ամէն հիւլէ, որքա՛ն ալ պահ մը փայլատակի ու փորձէ տեւել «պահ մը աւել»ջ՝ պիտի՛ վերադառնայ իր նախանիւթին: Մինչեւ յաջորդ հանդիպում՝ մնացէք խաղաղ եւ ձեր նախանիւթին հաւատարիմ.
«Ու պիտի կրկին մենք հիւլէանանք,
Միանանք նրա խորքին անսահման,
Որ այդ ակունքից կրկին էանանք՝
Ա՛յդ է մեզ համար նախասահմանուած»: