
Ստորեւ կու տանք Հայոց Ցեղասպանութենէ ետք բազմաթիւ հայորդիներ անապատներէն փրկած հերոսներէն մէկուն՝ Յակոբ Սաչագլեանին մասին վկայութիւն մը եւ այդ վկայութեան զօրակցած հայորդիներու անուանացանկը, ինչպէս նաեւ Յակոբ Սաչագլեանը «Մաարայի Հրեշտակը» անունով մկրտած Ստեփանոս եպս. Յովակիմեան վկայութիւնը․
Բնիկ մալաթիացի Յակոբ Սաչագլեան, 1898էն ի վեր հաստատուած Տէօրթ Եօլ (Զամպաք), Հալէպ աքսորուած է: Չկարենալով տոկալ իր ազգակիցներու կրած տառապանքներուն ու ջարդերուն, ունեցած է հետեւեալ գործունէութիւնը․
Յակոբ Սաչագլեան 1914-1918 պատերազմէն առաջ, Տէօրթ Եօլի մէջ առեւտուրով կը զբաղէր: Աքսորուելով Հալէպ գալէն յետոյ, լքելով անձնական եւ ընտանեկան ամէն հանգստութիւն, նետուեցաւ անապատի կառապանի դժուարին եւ վտանգաւոր գործին, զայն իբր միջոց գործածելով իր ազատարարի նպատակին ու ճամբորդեց ամէն կողմ համայնակուլ անապատէն ազատելով հարիւրաւոր յայտնի եւ անյայտ հայ խլեակներ: Իր գործունէութիւնը կարելի է դատել հետեւեալ կերպով.
1. Թշնամիներուն ձեռքէն ազատած է շատ մը հայ մտաւորականներ, կիներ, աղջիկներ եւ երիտասարդներ:
2. Ազատած է բազմաթիւ աքսորի դատապարտուածներ:
3. Հալէպի ամերիկեան քօնսիւլ (հիւպատոս) պր. Ճէքսոնի միակ վստահելին եղած եւ իր միջոցաւ անապատներու մէջ մեռնելու դատապարտուած հարիւրաւոր հայ խլեակներուն դրամական օգնութիւն հասցուցած է, ղրկուած գումարներուն համար օրինական ստացագիրներ բերելով քօնսիւլին: Այս դրամները տեղ հասցնելուն իբր վարձք առած գումարն ալ իր ճամբուն հանդիպող անտէր եւ անօգնական ընտանիքներուն կը բաժնէր:
4. Ամբողջ երեք տարի թափառական եւ ամէն վտանգ յանձն առած կը ճամբորդէր քաղաքէ քաղաք գիւղէ գիւղ: Իր գործունէութեան վայրերը եղած են՝ Համա, Մաարա, Գասթօն, Մէսքենէ, Պապ, Համամ, Ռագգա, Սապգա, Թէլապիատ եւայլն, միշտ հայ գաղթականներ ազատելու համար:
5. Իր այս հայրենասիրական աշխատանքին եւ գործունէութեան համար բազմաթիւ անգամներ ձերբակալուած, բանտարկուած եւ անասելի չարչարանքներու ենթարկուած է, բայց միշտ ալ գաղտնապահ մնալով, մեծ մեծ գումարներ կաշառք տալով, ազատած է, եւ շարունակած իր սիրելի գործը:
Մենք ստորագրեալներս կ՛ընդունինք եւ կը հաստատենք վերը գրուածները, եւ զայն կը ստորագրենք․
Մեսրոպ Թատրեան
Մուշեղ Թատրեան
Համբարձում Եահնիեան
Քերոփ Պէնկլեան
Յակոբ Գարամանուկեան
Խաչատուր Գրոզեան
Մկրտիչ Մարտիրոսեան
Մարիամ Գիւլօղլեան
Արուշ Գիւլօղլեան
Մելիտոս Կարաքէիշիշեան
Յովհաննէս Կարասարգիսեան
Պօղոս Կարայեան
Կարապետ Միւճիկեան
Խչեր Կրաճեան
Տիգրան Դանիէլեան
Յովհաննէս Մկրտիչեան
Յարութիւն Ստեփանեան
Յակոբ Թօսճուեան
Պօղոս Գօճապաշեան
Յովհաննէս Թէրճանեան
Աբրահամ Պետրոսեան
Օննիկ Յարութիւնեան
Սերոբ Օննիկեան
Տիրուհի Տաղլեան
Սարգիս Եղուպեան
Յակոբ Չագալեան
Յակոբ Խաչիկեան
Սեդրակ Մանուկեան
Եղիա Պուռումեան
Աղանիկ Գօրքմուզեան
Զարուհի Վարժուհի
Զարուհի Պօլատեան
Մարիամ Աղջարեան
Մարեամ Տէր Պետրոսեան
Սրբուհի Տատրեան
Արմենուհի Տատրեան
Իսկուհի Տատրեան
Վիքթորիա Տատրեան
Զարուհի Թօգաթլեան
Վարդանուշ Թօգաթլեան
Պաղտասար Ճերմակեան
Պետրոս Աղվէնեան
Սարգիս Կարապաշեան
Արուսեակ Կարապետեան
Մաքրուհի Կարապետեան
Տուտու Վարդանեան
Ովսաննա Գըլպաշեան
Մարգրիտ Քէօրօղլուեան
Աննա Տէյիրմէնճեան
Իսկուհի Փափազեան
Յակոբ Տէյիրմէնճեան
Խոնարհ Հ. Սարգիսեան
Յարութ Յարութիւնեան
Սարգիս Պաղլեան
Յովնան Վարժապետեան
Մարիամ Մերապեան
Ափիկ Ափիկեան
Զարուհի Կարաքէշիշեան
Էվէրէկցի Աննա
Այս գրութիւնը եւ այս մարդուն եռանդը կը հաստատեմ.
Սարգիս Տէմիրճեան (ՀՅԴ) Զիս Արաբներու մէջէն ազատեց:
Մարի Տէյիրմէնճեան
Ահաւասիկ Իզմիտի նշանաւոր առաջնորդ, լուսահոգի Ստեփանոս եպիսկոպոս Յովակիմեանի վկայութիւններ, ստորագրուած Սաչագլեանի նուիրած փառաւոր նկարին լուսանցքին վրայ․
«Գոհ եմ քեզմէ զաւակս Յակոբ Սաչագլեան: Մաարայի հայոց աքսորին երեք ամիս յետաձգուելուն պատճառը դուն ըլլալով՝ նամակը Ուզունաչքլեան Կարապետ էֆէնտիին տանողը, Մաարայի հրեշտակը կ՛անուանեմ քեզ:
Ազգին ծառայ
Ստեփանոս եպս. Յովակիմեան»