
Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Մայիս 6-8ին, Մարսէյի մէջ:
Այս ծրագրին միջոցով, հայ երիտասարդը (18-28 տարեկան) կը պեղէ իր ինքնութիւնը եւ կը ծանօթանայ հայկական մշակոյթին, ինչպէս նաեւ անիկա հայ երիտասարդութեան առիթ կ՛ընծայէ իրենց նմանողներու հետ կապեր ստեղծելու, միասնաբար բացայայտելու համար իրենց հասարակաց հայկական ինքնութիւնը եւ ծանօթանալու ժամանակակից հայ երիտասարդ արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու հետ:
Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքին կրնան մասնակցիլ աշխարհի տարբեր երկիրներէ 18-28 տարեկան հայ ուսանողներ։ Մասնակցութեան սակը` 200 եուրօ է, որ կ՛ընդգրկէ՝ արձանագրութիւն, սնունդ, կեցութիւն, քաղաքին մէջ պտոյտներ եւ աշխատանոցներու մասնակցութիւն:
Արձանագրութեան վերջին ժամկէտ` Ապրիլ 20: Արձանագրուելու համար այցելել՝ կայքէջը։
Յայտնենք, որ հաւաքի աշխատանոցները տեղի պիտի ունենան Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին մէջ: