Փետրուար 22ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առիթով, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ մէկտեղուած էին թեմէն ներս իրենց ծառայութիւնը բերող եւ հանգստեան կոչուած հոգեւորականութիւնը։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ․ Շահպազեանը, որմէ յետոյ օրուան խորհուրդին համահունչ իր խորհրդածութիւնը ներկաներուն փոխանցեց՝ Սիէթըլի Ս․ Յարութիւն Հայց․ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Վազգէն քհնյ․ Պոյաճեանը։
Ապա առաջնորդին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւնը, որուն աւարտին հոգեւորականաց թափօրը օրուան խորհուրդը փոխանցող շարականներու հոգեպարար երգեցողութեամբ՝ շարժեցաւ դէպի տաճարի գաւիթին մէջ զետեղուած թեմի հանգուցեալ եկեղեցականներու յիշատակը յաւերժացնող յուշատախտակը, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար։
Ժամերգութեան աւարտին առաջնորդարանի «Համբար» սրահին մէջ սկսաւ այս տարուան Հոգեւորականաց ժողովին անդրանիկ ընդլայնուած նիստը։ Տէրունական աղօթքէն յետոյ բացման խօսքով հանդէս եկաւ առաջնորդը եւ ժողովի քննարկմանը բերուած գլխաւոր նիւթերէն առաջ ներկայացուց ընդարձակ զեկոյց մը՝ բաղկացած քսանէ աւելի կէտերէ։ Սրբազանը, ի շարս այլ նիւթերու, անդրադարձաւ Արեւմտեան թեմի 95 ամեակին, Թեմական պատգամաւորական ժողովին, քահանայական թեկնածուներուն, թեմի հրատարակութիւններուն, ինչպէս նաեւ ACYO-ի, CYMA-ի, Reclaim-ի գործունէութեան եւ այլ հարցերու, ապա հրաւիրեց օրուան բանախօսները, որոնք հերթաբար ներկայացուցին հետեւեալ զեկոյցները․
– «Աստուածպաշտութիւն, Ծիսական Պաշտամունք Եւ Քրիստոնէական Կեանք» (Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան)։
– «Եկեղեցական Աղօթքը Իբրեւ Հոգեւոր Ապրում» (Վազգէն ոհնյ․ Մովսէսեան)։
– «Սուրբ Պատարագին Մասնակցութիւնը Եւ Ներգործութիւնը Հաւատացեալի Կեանքին Մէջ» (Աւետիս քհնյ․ Աբովեան)։
Կէսօրուան ճաշէն ետք սկիզբ առաւ ժողովին երկրորդ նիստը, որուն ընթացքին եկեղեցականները խորութեամբ անդրադարձ կատարեցին նաեւ ծիսական, ու գործնական այլ հարցերու, որոնք հովուական կեանքի մէջ մնայուն ներկայութիւն ունին։

Ժողովին մասնակից դարձան նաեւ՝ Պարգեւ արք․ Մարտիրոսեանը եւ Արարատեան թեմէն ժամանած Գրիգոր քհնյ․ Գրիգորեանը, որ Երեւանի մէջ կը համակարգէ «Տաուն» ախտանիշով երեխաներու «Արեւ խնամքի կեդրոնի» աշխատանքները։
Ժողովի վերջաւորութեան, սրբազանը իր դրուատանքի խօսքը ուղղեց ներկայ եկեղեցականաց, իրենց յանձնառութեան եւ նուիրեալ ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ յորդորեց, որպէսզի անոնք Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց աննկուն ոգիով շարունակէն ծառայել «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենաց»։
ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Երեկոյեան, նախագահութեամբ առաջնորդին, Մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս․ պատարագ, որուն ներկայ էին Պարգեւ արք․ Մարտիրոսեանը, թեմի հոգեւորականաց դասը, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը։
Պատարագիչն էր Օքլընտի Ս․ Վարդան Հայց․ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գրիգոր քհնյ․ Զաքարեանը։ Պատարագի եւ եկեղեցական շարականներու հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Մայր տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Րաֆֆի սրկ․ Միքայէլեանի։
Քահանաներու տօնին խորհուրդը հաւատացեալներուն փոխանցեց թեմի երիցագոյն եկեղեցականներէն Տաճատ Ծ․ վրդ․ Եարտըմեանը, որ իր խօսքի մէջ ըսաւ․ «Քրիստոնեայ աշխարհի մէջ կա՞յ արդեօք նման ժողովուրդ մը, որուն համար կրօնքը կեանք եւ կեանքն ալ կրօնք եղած ըլլայ։ Այս հոգիով է, որ մեր ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին դիմաւորեց իր թէ՛ քրիստոնէական եւ թէ ազգային ինքնութեան դէմ ուղղուած բիրտ ուժը»։
Յաւարտ Սուրբ պատարագի, տեղի ունեցաւ «Հայրապետական Մաղթանք»։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ