
ՊԸՐՔԼԻ, Քալիֆորնիա.- Հայաստանի մէջ մարդասիրական գործունէութիւն մշակող «Փարոս» կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Յուլիս 3-24ին, Միացեալ Նահանգներու տարածքէն տարբեր տարիքի երիտասարդներու անգամ մը եւս առիթ պիտի ընծայէ գործնականապէս իրենց ներդրումը բերելու Հայաստանի մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման գործին, կազմակերպութեան զանազան ծրագիրներուն ընդմէջէն:

Ծրագիրին կրնան մասնակցիլ 17-23էն տարեկանները։
2013էն ի վեր գործող այս ծրագիրին մասնակցողները նաեւ առիթը կ՛ունենան այցելելու Հայաստանի եւ Արցախի պատմական, կրօնական, մշակութային եւ տեսարժան վայրերը:
Մասնակցութեան մանրամասնութիւններուն համար դիմել «Փարոս» կազմակերպութեան գործադիր վարիչ Փիթըր Ապաճեանին՝ (310) 400-9061 թիւով կամ pabajian@gmail.com հասցէով։
Կազմակերպութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը: