ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Պատմական փաստ է, ազգային պատկանելութիւնն ու արժանապատուութիւնը պահպանելու համար՝ կեանքեր կործանեցան եւ դաժան կեանքի գնով եւ ազգային արմատներուն հանդէպ, իրենց հաւատքն ու սէրը սրտերուն մէջ դաջուած, լուռ տառապեցան անթիւ ու անհամար վերապրող ՀԱՅեր եւ իրենց շառաւիղները առ այսօր:
Այսօր, ինչպէ՞ս համրանալ լեզուով ու կուրանալ սրտով՝ թշնամիին ներկայութիւնը ընդունող ու անոր հետ «հաւատարիմ գործակցութիւն» մշակող «կոյր» ղեկավարներու հանդէպ իրենց զայրոյթն ու պոռթկումը յայտնող Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ կամ սփիւռքահայուն դէմ:
Քաղաքակիրթ աշխարհի կանոններով, հեռատես եւ դիւանագէտ ըլլալը անվիճելի պահանջք է, բայց դարերով երազանք դարձած եւ ապա իրականացած հայրենիքի մը անկախութիւնը այսօր ինչպէ՞ս կարելի է խաղաքարտի վերածել եւ շահագործել «թշնամական ախորժակները» գոհացնելու ծիրին մէջ:
Դէպի ազգերու ո՞ր յորձանուտին մէջ թաղուելու կ՛երթանք: Գոյատեւման ո՞ր շրջագիծին մէջ, ո՞ր աստիճանի ճգնաժամ կ՛ապրինք… կը պատկերացնե՞նք արդեօ՞ք՝ մտքի բաց աչքերով եւ ազգային ակունքներու ժառանգորդի տեսլականով:
«Կառուսէլ, կառուսէլ ես քո երգը վաղուց եմ լսել…»
Հայուն յուզականութիւնն ու ռոմանթիզմը անպարտելի են, իր հայրենասիրութեամբ եւ մասամբ նորին… սակայն ոչ սրամտութիւնն ու դիւանագիտութիւնը:
Աշխարհի աչքին առջեւ, հայն ու Հայաստանը դիւրաքակտելի օղակ մը դարձած են այսօր… ոչ մէկ միասնական տեսլական եւ կամ կիզակէտ, այլ միայն ու միայն՝ հակասական միտքեր եւ տրամադրութիւններ:
Ո՞ր մէկուն լսել եւ ո՞ր մէկուն հաւատալ եւ կամ ո՞ր մէկուն կառչիլ եւ յուսալ… իսկական գլխապտոյտ մը: Դաստիարակուեցանք եւ հասակ առինք՝ հայրենասիրութեամբ եւ ազգապաշտութեամբ: Սերտեցինք անցեալն ու ցաւեցանք եւ հասունցանք այդ անցեալի հետքերով: Յուսացինք տեսնել անկախ Հայաստան եւ Արցախ՝ տեսանք ու հպարտացանք:
Իսկ ապա… ինչո՞ւ, յաջորդաբար պատասխանատու ղեկավարներ՝ ծաղրեցին իրենց իսկ ժողովուրդինն բարի երազանքներն ու կապուածութիւնը, բուռ մը հայրենիքի հանդէպ, տածած իրենց նուիրումն ու սրտակցութիւնը… ինչո՞ւ: Նախընտրեցին ծառայել «օտար»ին եւ իրենց անձնական շահերը առաջնահերթ դարձուցին՝ որկրամոլ եւ կործանիչ ախորժակներ սրելով, մոռցան, թէ ո՞ր ազգին կը պատկանին…. ամէն մէկը մէկ գոյնի, ամէն մէկը մէկ չափի եւ ամէնքը նոյն չարիքին ծառայող՝ իրենց պատկանելութեամբ օտարացած, նոյն վրիպակը դարձան… Այժմ, վա՛յ քեզ ժողովուրդ, երբ «օտարացած» զաւակներուդ ձեռքին կը նայիս ու փրկութիւն կը յուսաս:
Ինչպէ՞ս դիմադրել եւ մեր մտապատկերէն ու առօրեայէն դուրս շպրտել գոյացող, շօշափելի ու կոտտացող այս ցաւը:
Մեր պատմութեան ընթացքին, անթիւ ու անհամար, հեղինակաւոր եւ ստեղծագործ միտքեր, արի ու քաջ անհատներ գործած ու արարած են, ժողովուրդի միտքն ու հոգին բուժելով, առաջնորդած են՝ դիմադրելու եւ յաղթահարելու ազգային զանազան բարդոյթներ եւ տագնապներ, առաջնորդած են ժողովուրդը իրենց ստեղծագործութիւններով՝ արուեստով եւ ըմբոստ միտքերով, նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգելով, ի գին իրենց ազգային արժանապատուութեան պահպանման եւ գոյատեւման; Յիշենք Ե. Չարենցի ըմբոստ եւ անզուգական արտայայտութիւնը՝ «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը, քո հաւաքական ուժի մէջ է»:
Ժամանակն է… մտածել ու գործել, այլապէս ուշ է եւ կամ ուշացած ենք:
Յիշենք, որ հայրենիքն ու ազգը անքակտելի արժէքներ են:
Իւրաքանչիւր հայու հայրենիքը՝ իր բացարձակ իրաւունքն է:
Հայրենիքը իրեն գուրգուրացող եւ իր գոյութեան հաւատացող ազգին կը պատկանի եւ ոչ, թէ ԼՈ՛Կ իր իշխանաւորներուն:
Դարձի եկէ՛ք՝ ազգն ու հայրենիքը դաւաճանող սրբապիղծ տրամադրութիւններ… Անսացէ՛ք ձեր խղճին եւ ձեր անմահ ազգին, անցեալ ու ներկայ, հայրենասէր ու ազգասէր զաւակաց հոգիներուն:
Ահա միայն այն ատեն աշխարհն իսկ կը գոչէ՝ Յարգանք քեզ միասնական հայ ժողովուրդ: