
ԱՇԽԷՆ (ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ) ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ
Հանգուցեալ Աշխէն Փիլաւճեանի մահուան քառասունքին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Շաբաթ, 12 Մարտ 2022ին, առաւօտեան ժամը 11։30ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave.։
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Բեգլար եւ Վերա Փիլաւճեան
Թոռները՝ Ալեքս Փիլաւճեան
Առէն Փիլաւճեան
Հարսը՝ Սօսի Փիլաւճեան
Թոռները՝ Հայկ Փիլաւճեան
Հրակ Փիլաւճեան
Խնամին՝ Սօսի Գամպէրեան
Եւ համայն Փիլաւճեան, Հելվաճեան, Քիլիտճեան, Գամպէրեան, Քիւրքճեան, Ասլանեան, Դեղրարեան, Գօգօրեան, Պայրամեան եւ Տէր Գէորգեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի վերոյիշեալ եկեղեցւոյ կից «Աւետիսեան» սրահին մէջ
Հանգուցեալի յիշատակին, նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Սրբոց Նահատակաց ՀՕՄի «Աշխէն Փիլաւճեան» Ազգային մանկամսուրին (Holy Martyrs ARS Ashken Pilavjian Preschool). Checks payable to Holy Martyrs Pilavjian, 16617 Parthenia St. North Hills CA 91335

ԱՇԽԷՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆի՝ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու 2000 թուականի 25րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ նախագահուհիին եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան 2015ի Արտակարգ պատուանշանին արժանացած վաստակաշատ միութենականին մահուան տխուր առիթով, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի զաւակին՝ Բեգլար եւ Վերա Փիլաւճեաններուն, հարսին՝ Սօսի Փիլաւճեանին, թոռներուն՝ Ալեքս, Առէն, Հայկ եւ Հրակ Փիլաւճեաններուն ու իր ՀՄԸՄական բոլոր քոյր-եղբայրներուն։
Յիշատակը անթառամ ծառայասէր եւ ազնիւ քրոջը: Խունկ ու աղօթք հանգուցեալ քրոջ հոգւոյն խաղաղութեան համար։