

ԵՐԵՒԱՆ.- Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյժինկի մէջ տեղի ունեցող 24րդ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն, Հայաստանի դահուկարշաւի հաւաքականի անդամ իր մասնակցութիւնը բերաւ տղոց 15 քլմ. դասական մրցումին եւ արձանագրելով 43:09:1 արդիւնք մը, 99 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 61րդ դիրքը:
Հայաստանը ներկայացնող Թինա Կարապետեան-Սիմոն Սենեկալ գեղասահքի պարային զոյգը երկու ծրագիրներու իբրեւ արդիւնք գրաւեց 18րդ դիրքը: