
Քաղաքիս Գրադարանի Հայկական Բաժինը
Ուրախութեամբ կ՛իմանանք, որ քաղաքիս գրադարանի վարչութիւնը մօտ 120 հատոր հայերէն գիրքեր բերել տուած է Կ. Պոլսէն, գոհացում տալու գաղութիս հայութեան ընթերցանութեան պահանջին: Գրքերու ընտրութիւնը կատարած է բաւական բարեխղճօրէն փրոֆ. Յակոբեան, որուն յանձնարարուած էր այդ գործը գրադարանի վարչութեանը կողմէ: Առաջնութիւն տրուած է հայ գրականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներուն՝ Ահարոնեանի, Զօհրապի, Վարուժանի, Շիրվանզադէի գործերուն:
Պ. Լեւոն Դատէմեանի յանձնուած է գրքերու դասաւորութեան գործը, որուն լրանալէն յետոյ միայն գրքերը պատրաստ պիտի ըլլան դուրս տրուելու: Այս մասին կ՛իմացնենք ատենին:
***
Ֆրեզնոյի Գրական ակումբը իր երեկոյթները կը շարունակէ կանոնաւորապէս: Վերջին ժողովը տեղի ունեցաւ Յունուար 31ին, պրն. Ա. Էլմասեանի տունը: Դասախօսն էր պրն. Արամ Թորոսեան, որ շատ լաւ եւ խտացուած կերպով ներկայացուց Ամերիկայի փառքերէն մէկը՝ Էմըրսընը, իբրեւ բարոյախօս եւ իբրեւ մտաւորական ազատարար, պայքարող մը աւանդական մտածողութիւններու դէմ:
***
ՊԸՐՔԼԻ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան «Երեւան» ակումբին ներկայ տարեշրջանի անդամական առաջին ժողովը տեղի ունեցաւ Յունուար 22ին: Ընտրուեցաւ 7 հոգինոց նոր վարչութիւն:
Փետրուար 10, 1922, թիւ 826