ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 13 Փետրուար 2022ին, Երեւանի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 10:25ին, Հայաստան-Վրաստան սահմանային գօտիին վրայ տեղի ունեցաւ 5.3 պալ ուժգնութեամբ երկրաշարժ:
Երկրաշարժը զգացուեցաւ Տաւուշի, Կոտայքի, Արմաւիրի, Շիրակի, Լոռիի, Արագածոտնի մարզերուն մէջ՝ 4-5 պալ ուժգնութեամբ, իսկ Երեւան քաղաքին մէջ՝ 3-4 պալ ուժգնութեամբ:
4 պալ ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ նաեւ 14 Փետրուարի յետմիջօրէին, Հայաստան-Վրաստան սահմանային գօտի՝ Բաւրա բնակավայրէն 15 քիլոմեթր արեւելք: Անիկա զգացուեցաւ Շիրակի մարզի Աշոցք, Սարագիւղ, Լոռիի մարզի Սարչապետ, Մեծաւան, Նորաշէն գիւղերուն մէջ՝ 3 պալ ուժգնութեամբ եւ Տաշիր քաղաքին մէջ՝ 2-3 պալ ուժգնութեամբ:
Ըստ նախարարութեան` նիւթական մեծ վնասներ չարձանագրուեցան, այլ կարգ մը շէնքերու մէջ ճեղքեր, փոքր փլուզումներ արձանագրուեցան:
«Սեյսմիկ պաշտպանութեան տարածքային ծառայութիւն» կազմակերպութեան տնօրէն Սօս Մարգարեան յայտնեց, որ 13 Փետրուարին տեղի ունեցած երկրաշարժը Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ամէնէն ուժեղ ցնցումն էր տարածաշրջանին մէջ: Ան դիտել տուաւ, թէ տակաւին զգալի են յետցնցումները: