ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Միացեալ Նահանգները կողմ են ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներու շրջան այցելութեան ըստ կարելւոյն արագ կազմակերպման: Այս մասին «Նիուզ»ի գրաւոր հարցումին ի պատասխան ըսին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն՝ մեկնաբանելով Ատրպէյճանի նախագահին այն յայտարարութիւնը, թէ Պաքուն պիտի շարունակէ խափանել ղարաբաղեան տագնապով զբաղելու ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի փորձերը:
«Իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ՝ Միացեալ Նահանգները յանձնառու է շարունակելու ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տեւական քաղաքական լուծման ուղղութեամբ: Ինչպէս նշուած էր ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու վերջին յայտարարութեան մէջ՝ մենք կողմերը կը քաջալերենք ըստ կարելւոյն շուտ շրջանին մէջ ընդունիլ համանախագահները՝ արտօնելով, որ անոնք անձամբ տեղւոյն վրայ գնահատեն իրավիճակը, շօշափելի յառաջընթաց արձանագրեն հրատապ մարդասիրական խնդիրներու լուծման հարցին մէջ եւ համաձայնութիւն ձեռք բերեն հետագայ ներգրաւուածութեան օրակարգին վերաբերեալ», նշուած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գրաւոր պատասխանին մէջ: