ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանական զինուած ծառայողները պէտք է հեռանան հայկական գիւղերու, բազմաթիւ պարագաներու մարդոց տուներու մօտէն եւ ճամբաներէն, պէտք է ստեղծուի ապահովութեան ապառազմականացուած գօտի։ Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան` Հայաստանի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպան Ճան Կալակերի հետ հանդիպման ընթացքին:
Ան ներկայացուց ատրպէյճանցի զինուորներուն կողմէ Հայաստանի սահմանային բնակիչներու իրաւունքներու խախտումները` յստակ օրինակներով ու փաստերով:
Շեշտելով Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող հայ գերիներու վերադարձի հրատապութիւնը, ինչպէս նաեւ այն, որ մարդիկ կը պահուին քաղաքական եւ ռազմական շահերու համար` առեւտուրի նպատակով, մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կարեւոր նկատեց Մեծ Բրիտանիոյ դերը մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը այդ երկրի մարդու իրաւունքներու հաստատութիւններու հետ:
Ճան Կալակեր հետագայ համատեղ աշխատանքի պատրաստակամութիւն յայտնեց: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան մարդու իրաւունքներուն վերաբերող կարգ մը այլ հարցեր:
Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու վերադարձի հրատապութեան, սահմանային բնակիչներու իրաւունքներուն վերաբերող հարցերը Թաթոյեան աւելի կանուխ քննարկեց նաեւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքինի հետ: