
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սաթիկ Սէյրանեան 29 Յունուարին՝ Լրագրողներու միութեան 13րդ համագումարին ընթացքին վերընտրուեցաւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ:
Սէյրանեան ընտրուեցաւ 92 թեր ձայնով: Ան միակ առաջադրուած թեկնածուն էր:
«Ուրախ եմ այն փաստից, որ Ժուռնալիտների միութեանն անդամակցել են մեծ թուով աշխոյժ գործող լրագրողներ, նաեւ երիտասարդներ, ովքեր մեր աւագ սերնդի հետ նստած են այսօր այս դահլիճում, շփւում են, քննարկումներ են իրականացնում», շնորհակալական իր խօսքին ընթացքին, դիմելով գործընկերներուն՝ ըսաւ Սաթիկ Սէյրանեան:
Ան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ յաջոռդ տարիներուն, իր աւագ եւ երիտասարդ գործընկերներուն աջակցութեամբ պիտի կարենայ լուծել այս բնագաւառի հարցերը: