
Ֆրեզնոյի Շրջանի Դաշնակցական Ընկերներուն Երեկոյթը Ի Պատիւ Զօրավար Սեպուհի
Յունուար 28ի Շաբաթ երեկոյ, «Ասպարէզ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրեզնոյի շրջանի դաշնակցական ընկերներու երեկոյթը ի պատիւ Զօրավար Սեպուհի: Սրահը զարդարուած էր Դաշնակցութեան զինանշանով, Զօր. Սեպուհի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ վարռապետ Քաջազնունիի նկարներով, որոնց կողքին պարզուած էին ամերիկեան եւ հայկական դրօշակները: Ներկայ էռ նաեւ յարգելի հիւր մը՝ նահատակ ընկեր Ռուբէն Զարդարեանի կինը՝ տիկին Վերոն Զարդարեան:
Սրահը լեցուած էր աւելի քան 150 յարգողներով, որոնք յոտնկայս եւ բուռն խանդավառութիւնով ընդունեցին Զօրավարը:
(…)
Ամէնէն վերջ, մի քանի պարզ ու սրտամօտիկ խօսքերով Զօր. Սեպուհը շնորհակալութիւն յայտնեց զինք յարգողներուն, աւելցնելով, որ կը զգայ, թէ իրեն տրուած պատիւը կը տրուի ՀՅ Դաշնակցութեան:
Ներկաները մեկնեցան գեղեցիկ յիշատակներով:
***
Կ. Պոլսոյ Հայ Արուեստի Տունը
Կ. Պոլսոյ Հայ Արուեստի տան հինգ բաժանումները, արդէն կազմած են իրենց վարիչ դիւանները: Կեդրոնական խորհուրդի առաջին նիստը տեղի ունեցած է Շաբաթ, 31 Դեկտեմբերին, Բերայի Ազգ. Մատենադարանի սրահին մէջ:
Գրական բաժանման վարիչ դիւանի անդամներն են՝ Կոստան Զարեան, Յակոբ Օշական, Յ. Ճ. Սիրունի, Շաւարշ Միսաքեան, Վահան Թէքէեան, իսկ Վահրամ Թաթուլ՝ փոխ անդամ:
Երաժշտական բաժանման՝ Գէորգ Եաղուպեան, Գրիգոր Սիւնի եւ Յարութիւն Մեհրաբեան:
Նկարչական բաժանման՝ Արամ Պագալեան, Սերոբէ Քիւրքճեան եւ Փանոս Թէրլէմէզեան:
Թատերական բաժանման՝ Արշաւիր Շահխաթունի, Գրիգոր Աւետեան եւ Մկրտիչ Ջանան:
Քննասիրական բաժանման՝ հայր Վարդան Հացունի, տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան եւ փրոֆ. Ա. Խաչատրեան:
Յունուար 31, 1922, թիւ 823