
ԱՆԳԱՐԱ․- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Անգարա մտադիր է «3+3» հարթակի ծիրին մէջ, յաջորդ շրջանային հանդիպումը կատարել Թուրքիոյ մէջ, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակին:
Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբերի սկիզբը Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած էր «3+3» շրջանային խորհրդատուական հարթակի առաջին հանդիպումը` Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարներուն եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնին համանախագահութեամբ: Վրաստան օրին յայտարարած էր, որ Թիֆլիս պիտի չմասնակցի Անդրկովկասի հարցով «3+3» շրջանային խորհրդատուական մարմինի նիստին:
«Նախագահ Էրտողան Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ Անգարա կը շարունակէ Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու համար ջանքերը: Ըստ անոր՝ Անգարա կը նախատեսէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ միասնաբար մշակուած «3+3» հարթակի ծիրին մէջ Թուրքիոյ մէջ հանդիպում մը եւս իրականացնել», կը յայտնէ Էրտողանի գրասենեակը:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Էրտողան մտադիր է «3+3» ձեւաչափի հանդիպում կատարել Թուրքիոյ, Հայաստանի, Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ:
Կը նախատեսուի քննարկել նաեւ թուրք-իրանեան յարաբերութիւնները եւ շրջանային հարցեր: