
ՄԱՅՈՐՔԱ, Սպանիա․- Աշխարհահռչակ լիբանանահայ արուեստագէտ Արա Մալիքեան կը պատրաստուի համաշխարհային ելոյթներու նոր շրջագայութեան մը։ Ան աշխարհի տարածքին սփռուած իր համակիրներուն առջեւ հանդէս պիտի գայ նոր կատարումներով, որոնք առիթ պիտի հանդիսանան, որ բոլորը ականատես ըլլան իր իւրայատուկ վարպետութեան։
Համերգները պիտի սկսին 28 Յունուարին, Սպանիոյ մէջ, իսկ 17 Մարտին նախատեսուած է Արա Մալիքեանի համերգը Նիւ Եորքի մէջ, ուր ան ելոյթ պիտի ունենայ հռչակաւոր «Քարնըկի» սրահին մէջ։
Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ անոր ելոյթները տեղի պիտի ունենան 19 եւ 20 Մարտին, Կլենտէյլի «Ալեքս» սրահին մէջ։ Տոմսեր կարելիէ է ապահովել www.itsmyseat.com/ara/?msclkid=e7b128b5f94c16a676924945e42218b2 կայքէջին միջոցաւ։