
«Հայաստան Գալը Զոհողութիւն Չէ»
Հարցազրոյցը վարեց՝ ՍԱԼԲԻ ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ
14 տարիներէ ի վեր, Մարգար եւ Էլիզ Շարապխանեանները կը բնակին Արագածոտնի մարզի Ուշի գիւղին մէջ։ Անոնք մեծ ներդրում եւ աւանդ ունին գիւղի բարեզարդման եւ զարգացման մէջ։ Տէր եւ տիկին Շարապխանեանները «Թորոնթոհայ»ին կը պատմեն իրենց` Հայաստան հաստատուելու եւ յատկապէս գիւղական շրջանի մէջ ապրելու փորձառութեան մասին։
ՍԱԼԲԻ ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ.- Երկար տարիներէ ի վեր կ՛ապրիք Հայաստան, ինչպէ՞ս որոշեցիք հոս հաստատուիլ։
ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ.- Նախքան անկախանալը՝ Հայաստան շատ կու գայի։ 1986ին, 8րդ դասարանի շրջանաւարտներս` իրենց ուսուցիչներով, 22 հոգի բերի Հայաստան եւ ամէն տեղ պտտցուցի։ Շատ լաւ ժամանակ անցուցին անոնք։ Հակառակ անոր, որ Սովետական Միութիւնը որոշ դժուարութիւններ կու տար, նոյնիսկ սփիւռքահայութեան՝ Մշակութային կապի կոմիտէի քարտուղարին հետ որոշ հակաճառութիւն մը ունեցանք, որովհետեւ իրեն հեռաձայներ են, թէ դաշնակցական խումբ մը եկած է Հայաստան… Ան ըսաւ՝ «Ձեզի դաշնակցական կ՛ըսեն», ըսի՝ «Այո, այս դաշնակցական ճուտիկները վաղը պիտի մեծնան եւ մեծ դաշնակցականներ պիտի ըլլան, դուք հպարտ պէտք է զգաք». այսպէս կը խօսէի իրենց հետ։ 1991ին, երբ Հայաստան անկախացաւ, առաջինը բանը որ ըսի՝ «Ես Հայաստան պիտի տեղափոխուիմ»։ Էլիզին ալ այդ մասին միշտ կը խօսէի, բարեբախտաբար, ինքն ալ համաձայն էր։ Ասիկա մեծ առաւելութիւն մըն է այր մարդուն համար, որովհետեւ եթէ կինը համաձայն չըլլայ, չի յաջողիր։
ԷԼԻԶ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ.- Դուրսէն մարդիկ կ՛ուզեն գալ։ Անոնք կ՛ըսեն՝ «Ձեր գիւղը շատ գեղեցիկ է», իսկապէս որ գեղեցիկ է՝ ամէն եղանակի։ Մարգարը իրենց կ՛ըսէ՝ «Կինդ համաձա՞յն է, եթէ համաձայն չէ, մտքէդ մի՛ անցըներ գալու մասին»։
Առաջին անգամ Երեւանի մեր յարկաբաժինը գնեցինք, այն ատեն դեռ կ՛աշխատէինք, ամառները կու գայինք։ 2006ին գրող մը, հո՛ս խորովածի կանչեց մեզի։ Այն ատեն ըսինք, թէ Արարատը ի՜նչ գեղեցիկ կ՛երեւի հոսկէ։ Նոյն օրը, ան Մարգարը պտտցուցեր է գիւղին մէջ եւ ըսեր է, որ ծախու հող է այդ տարածքը։ Տուն վերադարձին, թաքսիին մէջ Մարգարը ինծի ըսաւ՝ «Գիտե՞ս, մտածելու բան ունինք, Ուշիի մէջ Արարատի տեսարանով հող մը ծախու է»։ Որեւէ ձեւով պատրաստ չէինք, ոչ ալ փողը ունէինք մեզի հետ։ Զբօսաշրջիկի կարգավիճակով եկած էինք՝ քանի մը ամսուան համար։ Դիմեցինք ասոր-անոր, որ փող տան մեզի։ Երբ առինք, ըսինք, թէ մենք երիտասարդ չենք, որ գալ տարի կամ միւս տարի սկսինք շինարարութիւնը, եթէ բան մը պիտի ընենք անմիջապէս պիտի ընենք ու ճարտարապետի մը քով գացինք… 2007ին տունը վերջացած էր արդէն եւ տեղափոխուեցանք։ Գանատայի մէջ Մարգարը դադրած էր աշխատանքէն, իսկ ես տակաւին կ՛աշխատէի. մտածեցի, թէ ինչո՞ւ պիտի սպասեմ մինչեւ 65 տարեկան ըլլալը, որ դադրիմ աշխատելէն, մանաւանդ որ Մարգարը կու գար հոս եւ երկար կը մնար, իսկ ես գործիս համար կը վերադառնայի։ Քանի մը տարի դեռ Թորոնթոյի տունը պահեցինք, բայց խնամող չկար՝ ծախեցինք։
ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ.- Հիմա մեր տունը այս է, ուրիշ երթալիք տեղ չունինք (կը ծիծաղի) ՝ մեր տղոց տուները հաւանաբար, բայց իրենք կու գան, երկուքն ալ Հայաստանի հետ կապ ունին։
ՍԱԼԲԻ ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ.- Դժուար չէ՞ գիւղ ապրիլը, որովհետեւ ընդհանրապէս հայրենադարձ սփիւռքահայերուն մեծ մասը կը նախընտրէ բնակիլ Երեւան։
ԷԼԻԶ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ.- Ո՛չ, իրականութեան մէջ աւելի հաճելի է, որովհետեւ հոս ընտանիքի պէս ենք, մեր դուռը զարնող կայ միշտ։ Երեւան ատիկա չկար, հարեւանները բոլորը աշխատանքի կ՛երթային։ Հոս միշտ եկող-գացող կայ, օրինակ՝ այսօր այս լոյսը մարած է, ես չեմ կրնար ելլել փոխել, կը խնդրեմ՝մեծ սիրով կու գան կ՛օգնեն։ Պատահած է, որ օրինակ խողովակ մը պայթած է, ջրհեղեղ եղած է տունը, գիշերը ժամը 3ին հեռաձայնած եմ, եկած են։ Նոյնիսկ հիւանդանոց մեզի հետ եկած են եւ՝ բոլոր գործերը ըրած։ Հոս ապրիլը աւելի դիւրին է, բայց հաւանաբար ոչ երիտասարդներուն համար, կրնայ ըլլալ երիտասարդները ուզեն թատրոն կամ այլ տեղ երթալ։ Մենք այդ բոլորը կ՛ընէինք, ետ հոս կու գայինք, որովհետեւ Թորոնթոյի մէջ վարժուած էինք՝ քաղաք երթալու համար 25 քլմ. կը քշէինք։ Երեւանի կեդրոնէն մինչեւ հոս 28 քլմ. է, հեռու չենք, արուարձանի պէս է գրեթէ։ Առաջ երկու տուն ունէինք՝ հոն եւ հոս, բայց երբ այս տունը եղաւ, որոշեցինք վերջնական հոս մնալ։ Գիւղէն, եւ մեր հարեւաններէն շատ-շատ գոհ ենք, բայց գիտէ՞ք, այս ամէնը ինքնաբերաբար եւ բախտով եղաւ, առանց փնտռելու կամ ուրիշ տեղ նայելու։ Բախտով է, որ մեր դիմաց Արարատ, Արագած, Արայի լեռները ունինք՝ երբեմն ամէն ինչ իր տեղը կ՛իյնայ առանց իրարանցումի։
ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ.- Ուշեցիները բոլորն ալ վանեցիներ են ՝ արեւմտահայ են ծագումով։ Շատ լաւ գիւղ է, բախտաւոր ենք։ Պէտք է նշենք նաեւ, որ ուշեցիները մեծ ոգեւորութեամբ եւ խանդավառութեամբ ընդունած են մեզ։ Հոս հողամաս մը ունինք, ուր ժողովուրդին համար կառոյց մը կը շինենք։ Երէկ, օրինակ, գիւղապետը առանց ինծի հարցնելու ոչխար մը գնեց եւ մատաղ ըրաւ, որովհետեւ գիւղին մէջ կառոյց մը կը ստեղծուի՝ մեր կառուցած «մոթել»ը։ Բոլոր տղամարդիկ հաւաքուեր էին եւ շատ ուրախ ժամանակ անցուցինք։
ԷԼԻԶ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ.- Մարգարը Ուշին շատ-շատ կը սիրէ, այսինքն՝ իրեն համար սա իր կեանքի երազանքն էր, որ իրականացաւ։
ՍԱԼԲԻ ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ.- Յաջորդ հարցումս պիտի ըլլար այն, որ ինչո՞վ կը զբաղիք հոս։
ԷԼԻԶ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ.- Ինչպէս Մարգարը նշեց, մոթելի նման պզտիկ unit-ներ կը շինենք, գիւղէն ահագին աշխատող կայ ատոր վրայ, իսկ յետոյ պիտի յանձնենք մէկու մը, որ business ընէ եւ դարձնէ, որովհետեւ business-ի համար մեր տարիքը անցած է, եւ որեւէ նիւթական ակնկալիք ալ չունինք։ Մտածեցինք, որ Երեւանի մէջ յարկաբաժինի մէջ ապրողները մէկ կամ երկու օրով կ՛ուզեն գիւղ երթալ ու տեղ մը մնալ։ Ասոնք ճիշդ մեր արեւմտեան չափանիշներով՝ մաքուր, գեղեցիկ, կահաւորուած՝ մէկ ննջասենեակ, հիւրասենեակ, խոհանոց եւ զուգարանով, պարտէզով կառոյցներ են։ Այսպիսով, Ուշին ձեւով մը քարտէսին վրայ կը դրուի։
Երբ աւելի երիտասարդ էինք, գիւղին fabric-ին մէջ շատ փոփոխութիւն ընելու կարելիութիւնը ունեցանք. սկիզբը դպրոցի նորոգութիւնները ըրինք, մշակոյթի տան նորոգութիւնը, թէեւ ունինք պարախումբ եւ նկարչական խումբ, բայց դեռ կառոյցը իր նպատակին չի ծառայեր, գիւղի լուսաւորութիւնը, յետոյ ամբողջ տուներուն վրայ թիւ դրինք, որպէսզի երբ շտապ օգնութիւնը գայ, գիտնայ ո՞ր տունը պիտի երթայ։ Մեր փողոցը մենք ասֆալթապատեցինք։ Գիւղին մէջ 22 կարիքաւոր ընտանիք կայ, ամէն Նոր տարիին անոնց կապոցներ կու տանք՝ մթերքներ եւ մաքրութեան պարագաներ։ Grand Candy-ի տուփերէն կ՛առնենք եւ մշակոյթի տան մէջ ձեռնարկ կ’ընենք ու գիւղի երեխաներուն կը բաժնենք։ Գիւղին մէջ ամէն մէկ երեխայ որ ծնի 100 տոլար կը ստանայ, իսկ եթէ հայկական անունով անուանուի՝ 150։
Բայց չկարծէք, թէ մեր նիւթական միջոցները այդքան բան ընելու կը բաւարարեն, այս ամէնը ազգականներու, բարեկամներու, այցելուներու, բարերարներու միջոցով կ՛ըլլայ՝ մարդիկ կը վստահին մեզի։ Երբեմն կ՛ըսեմ, որ շատ սխալ մասնագիտութիւն ընտրեր եմ, պէտք է հաշուապահ ըլլայի, որովհետեւ այս բոլորին հաշիւները ես կ՛ընեմ։
ՍԱԼԲԻ ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ.- Տիկ. Էլիզ, տարիներ առաջ, երբ մէկ անգամ առիթ ունեցանք ձեզի այցելելու, գիւղի պզտիկներուն համար դասընթացքներ կը կազմակերպէիք, կը պատմէ՞ք այդ մասին։ Ի՞նչ կը սորվեցնէիք անոնց։
ԷԼԻԶ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ.- Այո՛, ձեռային աշխատանքներ եւ ձեռագործներ կը սորվեցնէի պզտիկներուն։ Մեր հոս գալը 14 տարի եղաւ, հիմա այդ պզտիկները ամուսնացան, իրենց զաւակներուն համար կը գործեն, նոյնիսկ մշակութային տան մէջ ունինք սորվեցնող խմբակ մը։ Ոմանք ալ գործի վերածած են այդ աշխատանքը՝ քրոշէով խաղալիքներ կը գործեն եւ կը ծախեն։
ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ.- Մեր աղջիկները մեծցան եւ ընտանիք ունեցան։ Սերունդը լաւ է, լաւ երեխաներ են։
ՍԱԼԲԻ ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ.- Հայաստան ապրելու եւ մանաւանդ տեղացիներուն հետ շփուելու երկար փորձ ունիք։ Ինչպիսի՞ վատ երեւոյթներ կան Հայաստանի մէջ, որ կ՛ուզէիք վերանային եւ ի՞նչ լաւ բաներ, որոնք խրախուսելի են։
ԷԼԻԶ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ.- Իրարու օգնելու ցանկութիւնը շատ լաւ է։ Այս մէկը իսկապէս խրախուսելի է։
Քանի մը բան կ՛ուզէի վերանան, օրինակ՝ մահուան հետ իրենց կապը, ինծի համար շատ ծանր է անիկա։ Միշտ գերեզմանները աւելի գեղեցիկ են, քան՝ իրենց տուները։ Ամէն տաղաւարներուն փոխանակ եկեղեցի երթան եւ իսկական տօնը նշեն՝ մահ կը նշուի։ Թաղումի ատեն կիները գերեզման չեն երթար, յաջորդ օրը կ՛երթան, կամ հոգեճաշի ատեն կիները առանձին կը նստին, տղամարդիկ առանձին. ասոնք մեր աւանդական սովորութիւնները չեն։ Դժուար է ասոնք փոխելը, երբեմն կը յարմարինք, երբեմն ալ մեր ձեւը կը պարտադրենք։ Ասկէ 10 տարի առաջ Թորոնթոյի մէջ մայրս մահացաւ, եօթնօրէքին տեղացիները ըսին, թէ օղի պիտի խմեն, ըսի՝ «Չէ՛, մամաս եթէ գիտնայ, որ իր եօթնօրէքին օղի հրամցուցեր եմ, զիս գերեզմանէն կ՛անիծէ։ Օղին ուրիշ օր մը եկէք խմելու, այսօր մամայիս սիրած խմիչքը՝ թան պիտի խմէք»։ Տարիներու ընթացքին ջանացի մեր սովորութիւններն ալ մտցնել հոս։
Գիտէ՞ք, թէ Նոր տարին ինչպէս կը նշեն հոս, կը մեղքանամ այդ կիներուն, որոնք շաբաթով ճաշ կ՛եփեն։ Նախքան COVID-ը, ես ալ Նոր Տարուան գիշերը հարեւաններս կը հրաւիրէի, սեղան կը դնէի, բայց ժամը 12 չեղած կը ձգէին կ՛երթային, որովհետեւ Նոր տարին իրենց տունը պէտք է դիմաւորեն։ Տարիներ առաջ, երբ մեր գիւղի երեխաները փոքր էին, Մարգարը իրենց Ծնունդի երգեր սորվեցուց, որ Յունուար 5ի գիշերը երթան աւետեն, ըսին՝ չըլլար, 5ին ահագին մարդ մահուան ճաշ ունի, եւ չկրցանք ընել, որովհետեւ աւետիսին տեղ հոգեճաշ կ՛ընեն, տարօրինակ է, չէ՞։ Բայց եթէ միայն քննադատական աչքով նայիս եւ չյարմարիս, ապրիլը դժուար կ՛ըլլայ։ Իսկապէս, որ շատ լաւ յատկութիւններ ալ ունին, որ երբեմն մենք չունինք։ Երկու կողմանի է։ Տեղացիք միշտ մեզի կ՛ըսեն. «Հոս կայ գիւղացի եւ «տաչնիկ» (տաչնիկը քաղաք ապրողն է, որ գիւղը տուն ունի, բայց միայն շաբաթավերջերուն կու գայ, խորոված կ՛ընէ եւ առանց գիւղացիին բարեւելու կ՛երթայ), դուք գիւղացի էք, տաչնիկ չէք, որովհետեւ բոլորին հետ հաւասար կը շփուիք»։ Հիւանդանոց ալ, բժիշկի ալ երթալու պէտք ունեցած ենք, միշտ մեր կողքին եղած են։ Անշուշտ այս բոլորը երկկողմանի են։
Երանի՜ դեռ երիտասարդ ըլլայինք եւ նոյն թափով աշխատէինք, որովհետեւ դեռ մանկապարտէզ չունինք եւ մեր երազն է գիւղին մէջ մանկապարտէզ մը ունենալ։ Դպրոցի նորոգութեան ժամանակ քաղաքական վիճակը աւելի հանգիստ էր, կրցանք ընել, բայց հիմա քաղաքական վիճակն ալ չօգնէր, որովհետեւ երկու օրը մէկ մարզպետ մը կը փոխուի, չես գիտեր ո՞ր մարզպետին հետ ի՛նչ խօսիս, ի՛նչ ընես։
ՍԱԼԲԻ ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ.- Քանի՞ աշակերտ ունի դպրոցը։
ԷԼԻԶ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ.- Հիմա 250 աշակերտ, առաջ աւելի էր։ Դպրոցը այն ատեն անուանեցինք «Նիկոլ Աղբալեան», գրադարանը եղաւ Համաստեղի անունով, թատերասրահը եղաւ Լեւոն Շանթի անունով։ Մշակոյթի տունը հսկայ շինութիւն է, մեծ գումարներ պէտք եղան նորոգելու համար, բայց շատ լաւ եղաւ։ Օրինակ, ձմեռները այս հոգեճաշերը փողոցները կ՛ընէին, իսկ հիմա մշակոյթի տունը խոհանոց եւ 400 հոգիի համար ամէն յարմարութիւն ունի։ Ձեւով մը մեր հասկացողութիւնները հոս բերած ենք, կարգ մը բաներ ալ իրենց ուզածին պէս ըրած ենք, բայց ափսոս, որ ալ ծերացանք։
ՍԱԼԲԻ ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ.- Բայց արդէն շատ մեծ է ձեր ներդրումը գիւղէն ներս։
ԷԼԻԶ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ.- Այո՛, բայց ըսեմ, որ մենք Թորոնթոյի մէջ ալ շատ աշխոյժ ազգային կեանք ունեցած ենք։ Մարգարը երկար տարիներ դպրոցի տնօրէն եղած է, ես ալ Համազգայինի մէջ անդադար աշխատած եմ, գրադարանին մէջ աշխատած եմ տարիներով։ Միշտ ազգային շրջանակի մէջ եղած ենք։ Հոն ալ կ՛ընէին, հոս ալ կ՛ընենք։
ՍԱԼԲԻ ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ.- Հայաստանը դժուար ժամանակներէ կ՛անցնի, ըստ ձեզի իւրաքանչիւր հայ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ի՞նչ ընելիք ունի երկիրը ճգնաժամային այս վիճակէն դուրս բերելու համար։
ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ.- Քաղաքական տեսակէտէ՝ շատ դժուար է, պատասխան չունինք։
ԷԼԻԶ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ.- Դժուար հարցում է, շատ դժուար։ Այսքան վատ քաղաքական վիճակ չէի կրնար երեւակայել։ Գիտէի, որ մարդիկ սուրբ չեն, այս կամ այն սխալը ունին, բայց… իսկապէս անկայուն եւ մտահոգիչ վիճակ է, իսկ ժողովուրդին կեցուածքը անբացատրելի։ Ամենացաւալին այն է, որ մարդոց յիշողութիւնը կարճ է։
Սփիւռքահայերն ալ կարծիք յայտնելէ եւ քննադատելէ պէտք է դադրին, կարելի չէ քննադատել կամ դատել առանց հոս ապրելու, առանց մարդոց մտածելակերպը իմանալու կամ վիճակը տեսնելու: Դուրսէն հետեւիլը չի բաւեր, պիտի կարենաս այդ հանրութեան մէջ մտնել ու յետոյ զիրենք դատել։ Այս ալ երկիր է՝ ուրիշ երկիրներու նման եւ հոս ալ շատ լաւ մարդիկ կան, վատ մարդիկ ալ կան։ Կը կարծեմ, որ Արեւմուտքէն առաջ՝ մեր Արեւելքէն ըլլալը, այսինքն՝ Մարգարին՝ Յունաստանէն, իսկ իմ՝ Հալէպէն ըլլալս, աւելի հեշտ կ՛ընէ ամէն ինչ։ Արեւմուտքին մէջ ծնածներուն համար քիչ մը աւելի դժուար է։
ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ.- Հայաստանցիներուն հայրենասիրութիւն պէտք է քարոզենք։
ԷԼԻԶ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ.- Մայիս 28էն առաջ դպրոցները կը փակուին, իսկ մեր քով այդ առիթով մեծ տօնակատարութիւն կ՛ըլլայ։ Ո՛չ Մայիս 28 կայ, ո՛չ Վարդանանք կայ, ո՛չ բարեկենդան։ Օրինակ եկեղեցին կը պայքարի Halloween-ի դէմ, ինչո՞ւ ատոր դէմ կը պայքարիս՝ դուն Բարեկենդանը տարածէ, օրինակ ան յաջողեցաւ Valentine՛s-ի դիմաց Ս. Սարգիսը դնելով։ Երբեմն մեր թիրախները սխալ կ՛ընտրենք։
Սփիւռքահայերը Հայաստանին կրնան օգնել՝ հոս գալով, հեռուէն դժուար է օգնելը։ Ես հանդիպած եմ շատ հայրենասէր մարդոց, որոնք կու գային մեր քով, եւ կ՛ըսէին. «Քիչ մը շտկեցէք այս Հայաստանը, որ գանք»։ Շտկելու գործը բոլորիս գործն է, եթէ շտկուելիք բան կայ՝ ամէնքս ընելիք ունինք։ Ե՛ւ ես. ե՛ւ Մարգարը կը հաւատանք, որ տեղւոյն վրայ կարելի է ատիկա ընել։ Այս գիւղին մէջ մեր ըրած գործերը հեռուէն, եթէ նոյնիսկ ասոր կրկնակի դրամը դնէինք, չէինք կրնար ընել, որովհետեւ պիտի զգաս ինչի կարիքը կայ հոս։
ՍԱԼԲԻ ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ.- Ձեր վարձքը կատար, Ուշիի մէջ ձեր ունեցած ներդրումը շատ մեծ է։ Երանի շատ մը սփիւռքահայեր ձեր օրինակով առաջնորդուին։
ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ.- Երէկ գիւղապետը կ՛ըսէր՝ «Պրն. Մարգար կ՛աղօթեմ Աստուծոյ եւ կ’ըսեմ, թէ ի՛նչ կ՛ըլլար, եթէ պրն. Մարգարը քսան տարի աւելի երիտասարդ ըլլար։ Եթէ վաթսուն տարեկան ըլլար ինչե՜ր կրնար ընել ան»։
ԷԼԻԶ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ.- Ոչ մէկը թող կարծէ, որ զոհողութիւն է Հայաստան գալը, ո՛չ, զոհողութիւն չէ։ Եթէ նպատակի մը կը հաւատաս եւ այդ նպատակին համար կ՛ուզես մէկ պզտիկ լումայ դուն ալ դնել, սա քու կեանքդ կը հարստացնէ, բան մը ըրած ըլլալու գոհունակութիւնը կը զգաս եւ կեանքդ կ՛իմաստաւորես։ Այս բաներուն մասին տարիքդ առնելէն ետք աւելի կը մտածես, քան երբ երիտասարդ ես:
նկար
0000Sharapkhanian
Պրն․ Մարգար եւ Տիկ․ Էլիզ Շարապխանեանները Ուշիի իրենց տան մէջ, 11 Դեկտեմբեր 2021
I heard about Sharabkhanian couple from my sister Shake
Minassian 1908, about their village modernization efforts,
how to help, how to promote in OUSHI village with residents
assistance, all described by mail. Today on my late sister and
mine name I like to congratulate FAMOUS couple, unknown
to most, as the BEST WAY to SERVE FATHERLAND, without ANY
BIG FUNDS, but WITH BIG SACRIFICE; hoping to CONTAMINATE
our BILLIONAIRES, to INVEST in “SCORPION” and “ROBOT
SOLDIER”, to SAVE ARMENIA FROM OCCUPATION and PROFIT
HANDSOMELY SAME TIME , IN DEFENSE PROJECTS !!.
MISPRINT: 2008 NOT 1908 SORRY,