
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակութային կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուելիք թանգարանին անցեալ տարի տեղի ունեցած հիմնարկէքը տօնելու, ինչպէս նաեւ թանգարանին ծրագիրին նեցուկ կանգնած նուիրեալներուն եւ նուիրատուներուն իրագործումները լուսարձակի տակ առնելու նպատակով, 27 Մարտին տեղի պիտի ունենայ թանգարանին կազմակերպած «Ժառանգութեան Ձեռնարկ»ը, Լոս Անճելըսի JW Marriott շքեղ պանդոկին մէջ։
«Թանգարանին հոգաբարձութիւնը եւ վարչութիւնը համայնքի անդամները հրաւիրած են մասնակցելու այս տօնակատարութեան, որ առիթ պիտի հանդիսանայ նշելու ցարդ իրականացուած իրագործումները եւ ներկայացնելու ապագայ քայլերը», կը յայտնէ թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան:
Կը խնդրուի տեղեր ապահովել մինչեւ 11 Մարտ, այցելելով www.ArmenianAmericanMuseum.org/Gala կայքէջը։
Հովանաւորութեան կամ այլ տեղեկութիւններու համար կարելիէ է նաեւի դիմել (818) 644-2073 թիւին։
Կլենտէյլի քաղաքապետարանը 2018ին, տարեկան միայն 1 տոլար վարձքով, քաղաքին քաղաքամէջը գտնուող տարածք մը շնորհեց թանգարանին, որ մաս պիտի կազմէ քաղաքին՝ արուեստներու եւ ժամանցի տարածքին։ Արդէն իսկ կառուցելու սկսած երկյարկանի Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ զանազան մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան մը եւ վաճառատուն մը:
Թանգարանի ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.armenianamericanmuseum.org կայքը: