
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- «Մազտա» հրատարակչութենէն այս տարի լոյս տեսաւ Armenian Communities of Persia/Iran: History, Trade, Culture («Պարսկաստան-Իրանի Հայկական Համայնքները․ Պատմութիւն, Վաճառականութիւն, Մշակոյթ») հատորը, խմբագրութեամբ փրոֆ․ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի։
Հատորին մէջ ամփոփուած են Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ փրոֆ․ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի՝ կազմակերպած եւ պատմական Հայաստանի եւ հայկական գաղութներուն նուիրուած գիտաժողովներէն 15րդին ներկայացուցած ուսումնասիրութինները։
670 էջ ծաւալով հատորին մէջ լուսարձակի տակ առնուած են Նոր Ջուղայի եւ Իրանի միւս հայկական գաղութներու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ գաղութներէն Քալիֆորնիա գաղթած հայերուն կացութիւնը։ Անգլերէն հատորը հարստացուած է բազմաթիւ լուսանկարներով եւ նուիրուած է փրոֆ․ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի այրինն՝ Վարդիթեր Կ. Յովհաննէսեանին։
Հատորին գինը 45 տոլար է, սակայն որոշ ժամանակի մը համար զայն կարելի է 35 տոլարով ապսպրել՝ դիմելով daronkev7@gmail.com հասցէին։
Անիկա տրամադրելի է նաեւ «Մազտա» հրատարակչութենէն (www.mazdapublishers.com/book/armenian-communities-of-iran), ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի «Ապրիլ» եւ «Սարդարապատ» գրախանութներէն։