Ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէր Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Կրենտ սլեմ»ի մակարդակի մրցաշարքի երրորդ հանգրուանի մրցումներուն, Ուրբաթ օր ճակատեցաւ այս մրցաշարքին մէջ 6րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի դէմ:
Այս մրցաշարքը յաղթական աւարտելու պարագային մրցանիշ մը («Կրենտ սլեմ»ի 21րդ բաժակը) հաստատել ջանացող Նատալ կրցաւ 6-3, 6-2, 3-6, 6-1 յաղթանակ մը արձանագրել, սակայն Խաչանով կրցաւ անկէ սեթ մը խլել, ինչ որ Նատալի կորսնցուցած առաջին սենթն էր այս մրցաշարքին ընթացքին։
Յիշեցնենք, որ 28րդ դասուած Խաչանով երկրորդ հանգրուանին 6-4, 6-0 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ֆրանսացի Պենժամէն Պոնզին: