
Կիրակի, 15 Յունուար 2022ին, ժողովուրդի ներկայութեամբ տեղի պիտի ունենար յուշ-ցերեկոյթ մը՝ նուիրուած մեր թանկագին ամուսինին, հօր եւ մեծ եղբօր՝ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին, անոր մահուան առաջին տարելիցին առիթով:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենար Փասատինայի Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ։ Նկատի ունենալով, որ վերջին երկու շաբաթներուն պսակաձեւ ժահրի մահաբեր սրընթաց տարածումը եւ վարակուածներու թիւին անհամեմատ բարձրացումը՝ որոշեցինք ձեռնարկը կատարել առանց ժողովուրդի ներկայութեան, բոլոր ներկաներուն առողջութեան եւ ապահովութեան համար:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ հեռակայ կապով՝ You Tube-ի միջոցաւ, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ:
Ձեռնարկին միանալու եւ հետեւելու համար կրնաք երթալ «Dr. Gabis Celebration of Life» էջը եւ հետեւիլ անոր:
Շնորհակալութիւն:
Տէր Եղիայեան ընտանիք