ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, «Թիւֆէնքեան» գեղարուեստի ցուցադրասրահին մէջ, 7 Յունուարէն սկսեալ տեղի կ՛ունենայ How the World Might Be խորագրուած Արա Օշականի լուսանկարչական ցուցահանդէսը։
Անոր պաշտօնական բացումը, որ տեղի պիտի ունենար 8 Յունուարին, կամքէ անկախ պատճառներով յետաձգուած է եւ անիկա տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 15 Յունուարին, կ.ե. ժամը 4էն 8 եւ անոր ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ Օշականի ու գրող Գրիգոր Պըլտեանի համագործակցութեամբ լոյս տեսած հատոր-ալպոմին՝ «Displaced/Հատում» հատորի ներկայացումը:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 5 Փետրուար:
Նշեալ հատորին մէջ լոյս տեսած Լիբանանէն լուսանկարներու կողքին, պիտի ցուցադրուին նաեւ Արցախի եւ յատկապէս Շուշիի նուիրուած Օշականի լուսանկարչական շարքերէն պատկերներ:
Ցուցադրասրահի հասցէն է՝ 216 S. Louise Street, Glendale, CA 91205:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է այցելել tufenkianfinearts.com կայքը կամ հեռաձայնել (818) 484-5688 թիւին կամ գրել info@tufenkianfinearts.com հասցէին: