
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի, Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի նախկին տեղակալ Ստեփան Գալստեանի, պաշտպանութեան նախարարութեան զէնք մատակարարող ընկերութեան տնօրէն Դաւիթ Գալստեանի, ընդհանուր հրամանատարութեան գործող պետ Արտակ Դաւթեանի եւ երեք այլ անձերու գործով մեղադրական եզրակացութիւնը հաստատուեցաւ եւ ուղարկուեցաւ դատարան: Այս մասին կը հաղորդէ գլխաւոր դատախազութիւնը:
Ընդհանուր հրամանատարին նկատմամբ մեղադրանք առաջադրելու մասին տեղեկութիւնը նախաքննութիւնը վարող Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ամիսներ շարունակ չէր հաստատեր՝ պատճառաբանելով նախաքննական գաղտնիութիւնը:
Ընդհանուր հրամանատարին նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուած է Քրէական օրէնսգիրքի 375րդ յօդուածի 3րդ մասով (պետի (հրամանատարի) կամ պաշտօնատար անձի կողմէ իշխանութիւնը կամ պաշտօնական դիրքը չարաշահելը, իշխանազանցութիւնը կամ պաշտօնական լիազօրութիւններու սահմանը անցնիլը, ինչպէս նաեւ իշխանութեան անգործութիւնը, եթէ այդ արարքները կատարուած են շահադիտական, անձնական այլ շահագրգռուածութենէ կամ խմբային շահերէ մեկնելով, եւ եթէ անոնք էական վնաս պատճառած են՝ կը պատժուին բանտարկութեամբ՝ երկուքէն հինգ տարի ժամկէտով):
17 Դեկտեմբերին Զինուած ուժերու ընդհանուր փոխհրամանատար Ստեփան Գալստեան պաշտօնանկ եղաւ եւ ձերբակալուեցաւ:
2018էն 2020 թուականներուն, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը վարած Դաւիթ Տօնոյեան եւս 2 ամիսէ ի վեր արդէն կը գտնուի բանտը: Ան կը մեղադրուի առանձնապէս մեծ չափերու՝ շուրջ 4.7 միլիոն տոլար գումարի իւրացումով:
Բանակին ոչ-պիտանի հրթիռներ գնելու գործով կը հետապնդուի զինուած ուժերուն զինամթերք մատակարարած ընկերութեան տնօրէն «Պատրոն Դաւօ» կեղծանունով յայտնի Դաւիթ Գալստեան, զինուած ուժերու նախկին եւ ներկայ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնց կարգին՝ զինուած ուժերու օդանաւային վարչութեան նախկին պետ Աւետիք Մուրադեան: Ի տարբերութիւն միւս մեղադրեալներուն՝ ընդհանուր հրամանատարը չէ բանտարկուած: