ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 14 Դեկտեմբերին, Հայաստանի հետ սահմանամերձ Զանկիլան (Կովսական) շրջանի տարածքին մէջ 14 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի նորակառոյց զօրամասի բացման արարողութիւնը: Հոն հաստատուած նոր սահմանապահ հրամանատարութիւնը ծառայողական եւ մարտական գործունէութիւն պիտի ծաւալէ, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները` վկայակոչելով պետական սահմանային ծառայութեան հաղորդագրութիւնը:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ 44օրեայ պատերազմէն ետք, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը սահմանային ծառայութեան զօրամաս մը կառուցած նաեւ Ղուպաթլուի մէջ: