ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Յունուարէն սկսեալ, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը գործարկէ Պաքու-Շուշի եւ Պաքու-Աղտամ կանոնաւոր ուղեւորափոխադրումներ, կը գրէ «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով երկրի ցամաքային փոխադրութիւններու պետական գործակալութեան յայտարարութիւնը:
Ուղեւորափոխադրումները պիտի իրականացուին փոխադրակառքերով, շաբաթական երկու անգամ, իսկ աւելի ուշ անոնց թիւը կրնայ աւելնալ:
Աւելի կանուխ, կառավարութիւնը յայտարարած էր դէպի Շուշի երկաթագիծի կառուցման ծրագիրներու մասին, որ կը մշակուի թրքական Kaylon ընկերութեան հետ:
44օրեայ պատերազմին ընթացքին Պաքուի բռնագրաւած տարածքներուն մէջ արդէն կառուցուած է Ֆիզուլիի (Վարանդա) օդակայանը եւ ծրագիրներ կան օդակայաններ կառուցուելու նաեւ Զանկիլանի (Կովսական) եւ Լաչինի (Բերձոր) մէջ: