ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի՝ Հինգշաբթի, 9 Դեկտեմբեր ի կէսօրին, Brandview Ballroom-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին կազմակերպած Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթ-տօնավաճառը, հիւրընկալութեամբ Ազգային առաջնորդարանի բարերարուհիներէն Մարօ Ֆերմանեանի, ներկայութեամբ մեծաթիւ տօնախմբողներու, բարեկամներու, համայնքի ներկայացուցիչ եւ բարերար հայուհիներու:
Ճաշկերոյթ-տօնավաճառի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամ Մարալ Գլըճեան, իսկ հանդիսավարութիւնը կատարեց մարմինի փոխատենապետուհի Սօսի Կէօքկէօզեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր՝ հովանաւորութեան համար, ապա Մարօ Ֆերմանեանին՝ հիւրընկալութիւնը ստանձնած ըլլալուն համար եւ ներկաներուն փոխանցեց կազմակերպիչ մարմինի ուրախութիւնը այն մասին, որ պսակաձեւ ժահրի տարածման պատճառով թէեւ կարելի չեղաւ անցեալ տարի կազմակերպել աւանդական այս ձեռնարկը, սակայն այս տարի ճիգ թափուեցաւ, որ ձեռնարկը ամէն գնով տեղի ունենայ:

Սեղաններու օրհնութենէն ետք, առաջնորդ սրբազան հայրը ողջունեց ներկաները եւ բարձր գնահատեց բոլորին զօրակցութիւնը ու յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրընկալ Մարօ Ֆերմանեանի՝ իր բարի կամեցողութեան եւ ազնիւ նուիրատուութեան համար եւ այս առիթով անոր նուիրեց գնահատանքի յատուկ յուշատախտակ մը, ապա բարձր գնահատեց Տիկնանց օժանդակ մարմինի ծառայական ոգին եւ կամաւոր նուիրուածութիւնը, Ազգային առաջնորդարանի յաւելեալ բարգաւաճման ի խնդիր:
Ձեռնարկին զուարթ մթնոլորտը յաւելեալ ուրախութիւն հագաւ Յովհաննէս Պալեանի կողմէ մեկնաբանուած հայկական փունջ մը երգերուն շնորհիւ, մինչ կազմակերպիչ մարմինը ծաղկեփունջով պատուեց հիւրընկալ բարերարուհին:
Յայտնենք, որ սրահին շուրջ հաստատուած էին կրպակներ, որոնց մէջ կը վաճառուէին տօնական օրերու յատուկ նուէրներ, մինչ կաղանդ պապային ժամանումը սրահ, իսկ ոգեւորուած ներկաները կատարեցին գնումներ եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Տօնական մթնոլորտէն ներշնչուած՝ Ազգային առաջնորդարանի բարերարուհիներէն Վալենթին Սարաֆեան ստանձնեց Տիկնանց օժանդակ մարմինի յառաջիկայ տարուան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ձեռնարկի հիւրընկալութիւնը: